Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՏԱԼԻԱ – Դաշնակահար Լաուրա Գալստեան շահած է «Làszlò Spezzaferri» միջազգային երաժշտական մրցանակը

Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին Կրան Կուարտիա (Gran Guardia) հոյակերտ պալատին մէջ Մայիս 27-28-ին տեղի ունեցած «Làszlò Spezzaferri» միջազգային երաժշտական մրցոյթին, դաշնակահար Լաուրա Գալստեան շահած է առաջին մրցանակը։ Մրցոյթին մասնակցած են տարբեր երկիրներու մենակատարներ, երգչախումբեր, նուագախումբեր։

Լաուրա ներկայացած է 17-20 տարեկաններու դասակարգին մէջ, ուր կային 35 մասնակից աշխարհի տարբեր ծայրերէն՝ Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Հարաւային Գորէայէն, Չինաստանէն, Պուլկարիայէն, Էսթոնիայէն…։ Ան իր ծրագրին մէջ ներառած է երկու տարբեր դարաշրջաններու երաժիշտներու՝ Սքարլաթիի եւ Սքրիապինի  ստեղծագործութիւնները։

Նշենք, որ 19-ամեայ Լաուրա Գալստեան այժմ կ՚ուսանի Մանհայմի (Գերմանիա) երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստներու պետական համալսարանին մէջ, հետեւելով Վոլֆրամ Շմիթ-Լէոնարտիի դասընթացքներուն: