Յունուար 23-ին, Իտալիոյ Փուլիայի մարզի Պառի քաղաքի Համայնքային թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է Եղիշէ Չարենցի իտալերէն եռահատորի շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսք արտասանած են դեսպան Վ. Կարապետեան եւ Պառիի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տարիօ Թիմուրեան:
Եղիշէ Չարենցի կենսագրական եւ ստեղծագործական կեանքի, երեք հատորներու շուրջ տարուած աշխատանքին մասին ելոյթներ ունեցած են խմբագիր Նաիրա Ղազարեան, «Հրանդ Նազարեանց» կեդրոնի ղեկավար Գառլօ Գոփփոլա, հայ համայնքի ներկայացուցիչ, լրագրող Սիրանոյշ Քուարանթա:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են իտալացի խորհրդարանականներ, Պառի քաղաքի համայնքային խորհուրդի եւ Փուլիայի մարզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Պառիի բնակիչներ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։