ԻՏԱԼԻԱ – Հայաստանի դեսպանը հանդիպում ունեցած է Միլանոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Աշխատանքային այցով Միլանօ գտնուող Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան, Մարտ 22-ին հանդիպում ունեցած է նախ տեղւոյն հայ համայնքի գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներուն հետ։

Դեսպանը անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, հայ-իտալական յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան օրակարգի ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն։ Աւարտին ան պատասխանած է գործարարները հետաքրքրող հարցումներուն։

Յաջորդ օրը դեսպանը մասնակցած է Միլանոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, ապա՝ հանդիպում ունեցած համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։