ԻՏԱԼԻԱ – Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Իտալիոյ նախագահին

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլային։

Հաւատարմագրերու յանձնման պաշտօնական արարողութեան յաջորդած գլուխ-գլխի հանդիպման ընթացքին Իտալիոյ նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը՝ իր պաշտօնը ստանձնելուն կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթած անոր՝ յոյս յայտնելով, որ Կարապետեան իր աշխուժ գործունէութեամբ ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդէ հայ-իտալական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւնները։

Իր կարգին դեսպանը վստահեցուցած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին կարելի բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ՝ հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ առկայ համագործակցութիւնը առաւել զարգացնելու ու ամրապնդելու համար: