Մայիս 7-ին, Հռոմի Երեսփոխաններու պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտաուտի «Մի՛ մոռնար զիս» գիրքին շնորհահանդէսը։
Ձեռնարկին ներկայ եղած եւ ելոյթներով հանդէս եկած են Երեսփոխաններու պալատի նախագահ Լորենցօ Ֆոնթանա, Իտալիոյ Արդարադատութեան նախարար Գառլօ Նորտիօ, Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, երեսփոխաններ Կալեացցօ Պինեամի, Մաուրիցիօ Լուփի, Քիարա Կրիպաուտօ եւ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան։
Արդարադատութեան նախարարը շեշտը դրած է «զանցառումներու մութ ցանկին» վրայ, որ կը բնութագրէ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան նշելով, թէ յատկապէս տեսողական շատ քիչ փաստեր կան, որոնք ցոյց կու տան պատահածը, յոյս յայտնած է, որ փաստագրման աշխատանքը շարունակական կ՚ըլլայ, «որովհետեւ այն ինչ որ փաստագրուած չէ՝ մոռցուելու վտանգի տակ կը գտնուի»։ Նախարարը, այս տեսանկիւնէն՝ ընդգծած է նման գիրքերու կարեւորութիւնը։
Հայաստանի դեսպանը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն ձեռնարկը բարձր մակարդակով կազմակերպողներուն, աւելցնելով որ այս նախաձեռնութիւնը կը վկայէ Իտալիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին տածած յարգանքի եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները կանխելու՝ իտալացի պաշտօնատարներու կարեւոր ներդրումին մասին։ Դեսպանը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապրելու տեսլականը։
Ձեռնարկը աւարտած է վաւերագրական ֆիլմի մը ցուցադրութեամբ, որ կը պատմէր Հայոց ցեղասպանութեան, 2020-ի Արցախեան պատերազմի, հայ մշակութային եւ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման մասին։
Հանդիպումը վարած են լրագրողներ Նիքոլա Փոռօ եւ Հոարա Պորսելլի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։