Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իտալիոյ նախագահի նստավայր Քուիրինալի պալատին մէջ բացուած է հայկական արուեստի բացառիկ նմուշներու ցուցահանդէսը

Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, կնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, Հոկտեմբեր 5-ին պետական այցելութեամբ ժամանած է Իտալիա: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ անցնող 30 տարիներու պատմութեան ընթացքին ասիկա Հայաստանի նախագահին առաջին պետական այցն է Իտալիա:

Յաջորդ օրը, նախագահ Սարգսեան Իտալիոյ իր պաշտօնակից Սերճիօ Մաթարելլայի հետ տեսակցութենէն ետք, Քուիրինալի պալատին մէջ ներկայ գտնուած է մեծանուն հայ նկարիչներ՝ Յովհաննէս Այվազովսկիի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Յակոբ Կոջոյեանի գործերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ կը վայելէ երկու երկիրներու նախագահներուն հովանաւորութիւնը։

Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան յայտնած է.- “Արուեստը կը միաւորէ ժողովուրդները, ինչ որ աւելի քան ակնյայտ է բարեկամութեան հինաւուրց արմատներ ունեցող հայ և իտալացի ժողովուրդներու պարագային: Եւ սա կը կոչուի քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն, մշակոյթներու երկխօսութիւն, ժողովուրդներու ներաշխարհի և տաղանդի երկխօսութիւն: Այս պալատին մէջ ներկայացուած գործերը հայ մշակութային հարուստ ժառանգութեան մէկ մասն են, որու հանդէպ մենք մեծագոյն յարգանք ունինք և զոր ի սրտէ կը կիսենք նաև մեր բարեկամներուն հետ: Հայ նկարիչներու այս տաղանդաւոր աստղաբոյլը՝ Այվազովսկի, Բաշինջաղեան, Սարեան, Սուրէնեանց, Կոջոյեան, ոչ միայն մեր ազգային, այլև համաշխարհային արուեստի ժառանգութեան անբաժանելի մասն է: Այս նկարիչներէն ոմանք ժամանակին բաւական առնչութիւններ ունեցած են Իտալիոյ և իտալական մշակոյթին հետ։ Իտալական հողին վրայ արդէն իսկ հայկական մշակութային ու հոգևոր արժէքներու հսկայ գանձարան մը կայ՝ Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան ժառանգութիւնը”: