Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրագործուող բոլոր ծրագրերուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղած է Սուրիա, զօրավիգ հանդիսանալու Սուրիահայութեան։
Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը, պատասխանատու կազմը հրաւիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն։
Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնած է կազմին եւ գնահատած Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը նման դժուար ժամանակներու իրարու օժանդակելը կարեւոր համարելով։
«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իվէթ Դանիէլեանի, իր կարգին Իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնած է դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ երկրաշարժին արձանագրուած զոհերուն համար։
Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացած է «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատած է զայն։