Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 104-րդ տարեդարձի շքեղ Հանդիսութիւնը Թաւրիզի մէջ

Մայիս 25-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդի, Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձի շքեղ հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ տեղւոյն բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն:

ՀՄԱԿ-ի հանդիսասրահը լեցուած է հայորդիներով, որոնք հայրենիքի անկախութեան փառապանծ տարեդարձին առիթով ըմբոշխնած են մատուցուած գեղարւեստական յայտագիրը, որու աւարտին ցուցադրուած է Հայաստանի անկախութեան պատմական դէպքերը պատկերող վաւերագրական ժապաւէն մը։

Աւարտին Սրբազան հայրը իր պատգամը յղած է թեմի համայն ժողովուրդին՝ իսկական անկախութիւնը կերտելու եւ զայն ապրելու խորհուրդով։ “Շուրջ 600 տարիէ ի վեր իր թագաւորութիւնը կորսնցուցած, եւ ապա ցեղասպանուած ժողովուրդի համար անկախութեան վերատիրանալը, պետականութիւն հիմնելը, հայրենիքի նոր սահմանագծում կատարելն ու մանաւանդ այնտեղ ինքնիշխան դառնալը, անհաւատալի եւ հրաշքի համազօր երեւոյթ միայն կրնայ թուիլ…”,– ըսած է Սրբազան Հայրը, աւելցնելով որ՝ “ազգերու կեանքին մէջ նման հրաշքներ երբեմն ինքնամատոյց կ՚ըլլան, սակայն պէտք է արթուն եւ զգօն ըլլալ եւ կորզել առիթը”:

“Անկախութիւնները իրենց գինը ունին: Ատիկա պիտի վճարենք անպայման: 1918 թուին, որքան որ մեր դրացի երկիրները պատճառ հանդիսացան որ մենք եւս դիմենք անկախանալու քայլին, սակայն դարձեալ արիւն թափել պահանջուեցաւ այս փառքին տիրանալու համար: Ուստի մեծով ու փոքրով, քաղքենիով ու շինականով, հոգեւորականով ու գիտնականով, մեր ժողովուրդը պատերազմի դաշտ իջաւ: Այո՛ «խենթերն են գտնում հնար» կ՝երգենք, հաւատալով որ խենթերու գործը երբեմն հաւաքական յաջողութեան կ՝առաջնորդէ մեզ”,– նշած է Սրբազան Հայրը:

Վերջապէս եզրափակելով իր խօսքը, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդը անդրադարձած է մեր նորագոյն պատմութեան տխուր դէպքերուն ու տմոյն երեւոյթներուն, որոնք միայն թախիծ կը պատճառեն հայրենասիրութեամբ բռնկուած հոգիներուն.– “Մեր բոլոր արարքները տոգորուած պէտք է ըլլան մեր հայրերու կերտած անկախութեան խորհուրդով: Զայն կորսնցնել, կը նշանակէ վերջ դնել մեր հայրենիքի գոյութեան: Թշնամին դարանակալ կը սպասէ այդ օրուան: Թող մենք չըլլանք մեր հայրենիքը ափսէի վրայ անոր հրամցնողները: Ատիկա մեզմէ իւրաքանչիւրին վախճանը պիտի ըլլայ”,– շեշտած է Սրբազան հայրը: