ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի Հայութեան հանրահաւաքը՝ Ի զօրակցութիւն Արցախի

Փետրուար 24-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ, Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպիսկ. Քեչեճեանի կոչին անսալով տեղի ունեցած է հանրահաւաք ՝ ի զօրակցութիւն Արցախի։

Զօրակցական հաւաքին ներկայ եղած են ազգային մարմիններու, Հայ դատի յանձնախումբի ու միութիւններու անդամներ, Հայոց ազգային դպրոցներու աշակերտներ ու պատասխանատուներ, Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Դատապարտելով տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճանի եւ իր համախոհ երկիրներու յանցաւոր գործողութիւնները՝ հաւաքի մասնակիցները պահանջած են Արցախի ապաշրջափակումը։