Օգոստոս 31-ին, Մոսկուայի մէջ կայացած է Իրանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը, որու ընթացքին իրանցի դիւանագէտը ընդգծած է, թէ հարաւային Կովկասի մէջ որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն Իրանի համար անընդունելի է։
Նշենք, թէ նախօրօք, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի ալ յայտարարած էր, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ։ Ան ըսած էր, որ Իրան պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Ռայիսի անդրադարձած էր 2020-ին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրին, որով աւարտած էր 44-օրեայ պատերազմը։
«Հրադադարի համաձայնագրին հաւատարիմ մնալը եւ երկխօսութեան ճամբով մնացեալ հարցերու լուծումը լաւագույն միջոցն է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու համար»,– ընդգծած էր Իրանի նախագահը։