Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրանի դեսպան. «Իրան պիտի պահպանէ տարածաշրջանին մէջ իր սահմանած կարմիր գիծերը»

Յունիս 17-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարած է, թէ Իրան տարածաշրջանին մէջ պիտի պահպանէ իր սահմանած կարմիր գիծերը եւ պիտի չշեղի անոնցմէ:

Ան նշած է, թէ Իրան չի ձգտիր պատերազմի սաստկացման, բայց պատրաստ է զարգացման որեւէ տարբերակի: “Մենք չենք ուզեր որ այս պատերազմը տարածուի այլ երկիրներու կամ տարածաշրջաններու մէջ, եթէ այն մեզի չպարտադրուի”,– շեշտած է դեսպանը:

Սոպհանի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Իսրայէլի յարձակումը վճռականօրէն դատապարտելուն համար, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին՝ աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար:

Ազերպայճանի կողմէ Սիւնիքի մէջ հնարաւոր յարձակման եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին հարցումին պատասխանելով՝ դեսպանը ըսած է, թէ Իրան ուշադիր կը հետեւի տարածաշրջանային գործընթացներուն, նկատի ունենալով որ Իսրայէլ կրնայ փորձել այլ երկիրներ օգտագործել իր շահերուն համար:

“Կարմիր գիծերը մեր կենսական գծերն են եւ երբեք Իրանի կեցուածքը իր կարմիր գիծերու մասին  պիտի չփոխուի”,– նշած է ան՝ աւելցնելով թէ Իրան շատ սերտ կապեր ունի Հայաստանի հետ եւ շարունակաբար կը խորհրդակցի կառավարութեան հետ:

“Ճշմարիտ բարեկամն ու թշնամին ի յայտ կու գան ծանր իրավիճակներու մէջ”,– եզրափակած է Սոպհանի: