Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրանցի փորձագէտ. “Իրան պիտի դիմադրէ. տարածաշրջանի իրավիճակը պայթիւնավտանգ է”

«Հայաստան-Իրան համագործակցութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի հիմնադիր-տնօրէն, փորձագէտ Փույա Հոսեյնի 168.am թերթին հետ զրոյցին՝ հաստատելով թէ տարածաշրջանին մէջ լարումը կտրուկ աճած է, իրավիճակը գնահատած է պայթիւնավտանգ։

“Շատ պայթիւնավտանգ է, կրնայ մեծ հրդեհ ծագիլ տարածաշրջանին մէջ, բայց Իրանի Արտաքին գործոց նախարարին այցը Ռուսաստան ճիշդ այդ պատճառաւ է, կը փորձեն դիւանագիտական միջոցներով՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ լարումը մեղմել”,– ըսած է ան, աւելցնելով որ՝ Իսրայէլ կը փորձէ Ազէրպայճանը օգտագործել Իրանի դէմ:

“Բայց ոչ միայն Ազէրպայճանը, այլեւ ուրիշ երկրներ ալ կան այդ շարքին: Վերջերս Իսրայէլ եւ ԱՄՆ ծրագրի մը ձեռնարկեցին միասնաբար, որ կը կոչուի «Հազար դաշոյն»: Ան Իրանի դէմ է, որ զանազան ձեւերով Իրանին վնասեն՝ դրացի երկիրներու միջոցով, եւ Իրան մեծ վտանգ կը տեսնէ: Իսրայէլ հիմա կը գործէ Ազէրպայճանի միջոցով: Իրան վերջնագիր ներկայացուց Ազէրպայճանին, որ ուղղութիւնը յստակ ցոյց տայ՝ կա՛մ Իրանի կողմն է, կա՛մ՝ Իսրայէլի: Ազէրպայճան կանգնած է ընտրութեան առջեւ”,– ըսած է Հոսեյնի:

Փորձագէտին կարծիքով, տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան վերաբերեալ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Սիւնիքին եւ Ազէրպայճանի յայտարարած «Զանգեզուրի միջանցքին»:

“Իրան կ՚ուզէ, որ Ռուսաստան աւելի աշխուժ աշխատի եւ արձագանգէ Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ նկրտումներուն: Իրան կը փորձէ աւելի աշխուժ դեր ստանձնել Անդրկովկասի մէջ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ նման բան տեղի ունենայ”,– ընդգծած է ան:

Անդրադառնալով Իրանի Ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոստամ Ղասեմի՝ «տարածաշրջանի տարանցման քարտէսը լիովին փոփոխութեան պիտի ենթարկուի» յայտարարութեան՝ Փույա Հոսեյնի պնդած է, որ Իրան ամէն ձեւով պիտի դիմադրէ զինք շրջափակելու փորձերուն:

“Միւս կողմը կը փորձէ Իրանը շրջափակել, փակել Իրանի ճամբան դէպի Եւրոպա, դէպի Ռուսաստան, աղքատացնել Իրանի աշխարհաքաղաքական դերը տարածաշրջանին մէջ, սակայն Իրան ամէն գնով պիտի դիմադրէ: Իրան ամէն միջոցով պիտի պահպանէ Հայաստանի վրայով դէպի Եւրոպա իր ելքը: Ատկէ կը բխին Հայաստանի շահը, Իրանի շահը, ինչո՞ւ չէ՝ Չինաստանի, Հնդկաստանի շահերը: Մեծ ծրագիր է Պարսից ծոց-Սեւ ծով ծրագիրը, զոր նոյնպէս կը փորձեն խոչընդոտել, բայց Իրան ամէն ձեւով զայն պիտի պահէ”,– ըսած է ան: