Մարտ 30-ին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիան՝ Չինաստանի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ իր երկիրը դէմ է Ռուսաստանի նկատմամբ միակողմանի պատիժներուն։ Լուրը հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։
“Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս անկեղծօրէն նշել, որ մենք ամբողջովին դէմ ենք Ռուսաստանի նկատմամբ միակողմանի եւ անօրինական պատիժներու սահմանումին”,– ըսած է իրանցի նախարարը։
Ան ընդգծած է ռուս-իրանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը՝ նշելով, որ անոնք ճիշդ ուղիի վրայ կը գտնուին։ Ապտոլլահիան՝ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ողջոյնի խօսքը փոխանցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին: