Յունիս 16-ին, Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան՝ Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով երեսփոխանի մը հարցումին թէ Իրանի-Իսրայէլ հակամարտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ, ըսած է թէ կարգ մը դժուարութիւններ ստեղծուած են։ “Բեռներ կան, որոնք այժմ Պանտար Ապպաս նաւահանգիստը մնացած են եւ չեն կրնար դուրս ելլել, բեռներ ալ կան որ ճամբաները մնացած են։ Ասկէ բացի մենք արտադրութեան եւ ներածման առումով ալ որոշ դժուարութիւններ ունինք”,– բացատրած է նախարարը։
Ան յոյս յայտնած է, թէ հակամարտութիւնը շուտով կ՚աւարտի եւ Հայաստան կը կարողանայ բարեկամ երկրի տարածքով շարունակել ազատ առեւտուրը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։