Իրան-Իսրայէլ 12-օրեայ պատերազմէն ետք՝ հաշուեկշիռի պահն է։ Իրանի Կարմիր Մահիկ ընկերակցութեան ղեկավար Փիր Հոսեյն Քոլիվանտի համաձայն՝ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով երկրին մէջ 950 հոգի կորսնցուցած է իր կեանքը, ներառեալ՝ 102 կին եւ 38 երեխայ, իսկ վիրաւորներուն թիւը շուրջ 5.000 է, որոնց 70 առ հարիւրը խաղաղ բնակիչներ են։
Ան աւելցուցած է, թէ յարձակումներուն պատճառով 377 բնակելի շէնք աւերուած է, իսկ 2060-ը՝ վնասուած։
Իսրայէլ ալ կը հաղորդէ՝ իրանական կողմի հարուածներուն հետեւանքով 30 մեռեալի եւ շուրջ 3.000 վիրաւորի մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։