Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՆ. Իրանի մէջ ստորագրահաւաք՝ յաջակցութիւն Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան

Մեր պաշտօնակից «Ալիք»-էն կը տեղականանք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագրերու ուղղութեամբ կազմակերպուած է ստորագրահաւաք՝ իրանական «Քարզար» (Karzar.net/37407) հարթակով՝ յաջակցութիւն Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան: 

Ստորագրահաւաքի յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Իրանական 1401 թուականի օրդիբեհեշտ ամսուան 4-ը, կը զուգադիպի Ապրիլ 24-ի, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին, զոր 1915-1923 թուականներուն գործած է Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ՝ հակամարդկային ա՛յն ոճրագործութիւնն է, որուն հետեւանքով ցեղային զտման ենթարկելով՝ բռնագրաւած են հայութեան պատմական հայրենիքը:

Նշեալ ոճրագործութիւնը իր բազում անհերքելի պատմական փաստերով հանդերձ, կը շարունակէ անտեսուած մնալ միջազգային կառոյցներուն կողմէ:

Իսկ անոր հիմնական կազմակերպիչ Թուրքիան՝ անպատիժ մնալով եւ օրին պաշտօնապէս պատասխանատւութեան չենթարկուելու պատճառով շարունակած է ահաբեկումը՝ Սուրիոյ, Կիպրոսի, Լիպիոյ, Իրաքի տարածքներուն մէջ: Իսկ 2020-ին Արցախի մէջ՝ ուղղակի ներգրաւուած է պատերազմական գործընթացին:

Սակայն, այսօր, Իրանահայերը, Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին, Իսլ. խորհրդարանէն եւ Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովէն կը պահանջեն՝ մարդկային իրաւանց իրաւական սահմաններուն ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել՝ կասեցնել ոճրագործութիւնը, եւ ստիպել որ Թուրքիան դադրեցնէ պատմութեան խեղաթիւրումը:

Միաժամանակ կը պահանջեն Թուրքիայէն առերեսիլ իր պատմութեան հետ, հայցել հայ ժողովուրդի ներողամտութիւնը, վերադարձնել Հայերուն հայրենիքը, եւ ապահովել հատուցման գործընթացը»: