ԻՌՆԱ գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրքի (ԻՀՊԶ) ցամաքային ուժերը, Հոկտեմբեր 17-ին զանգուածային ռազմափորձեր սկսած են Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ։
Տարեկան առաքելութեան մաս կազմող ռազմափորձերը նպատակ ունին հզօրացնելու ԻՀՊԶ-ի ցամաքային ուժերու մարտունակութիւնը:
ԻՀՊԶ-ի ցամաքային ուժերու հրամանատար, զօրավար Մոհամմատ Փաքփուր յայտնած է, որ ռազմափորձերուն ուղերձը դրացի երկիրներու համար խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ կայուն անվտանգութեան ամրապնդումն է, իսկ թշնամիներու համար՝ ցամաքային ուժերու պատրաստ ըլլալը՝ Իրանի զինեալ ուժերու միւս ստորաբաժանումներուն հետ պաշտպանելու երկրի սահմաններն ու պատասխանելու որեւէ սպառնալիքի:
Ռազմափորձերու օրակարգին են՝ անկարգելային վայրէջքներ, գիշերային յարձակման գործողութիւններ, ուղղաթիռներու մարտական գործողութիւններ, մարտական եւ մահապարտ անօդաչու սարքերու գործողութիւն, ինչպէս նաև Արաքս գետին վրայ կամուրջի կառուցում, ճամբաներու վերահսկում, բարձունքներու գրաւում…։