Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՆ-Սպահան. Քննարկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մէջ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի ընդգրկման գործընթացը

Մայիս 7-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ Վանքը այցելած են Իրանի մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի ընդհ. քարտուղար Այուպի, Սպահանի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայացուցիչը եւ այլ պաշտօնատարներ։ Անոնք շրջագայած են նաեւ տեղւոյն հայոց ազգագրական թանգարանը, «Յովսէփ Արիմաթացի» եկեղեցի եւ «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանը, ապա՝ հանդիպում ունեցած են Թեմական խորհուրդին հետ:

Հանդիպումին ներկայ ներկայ եղած են Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան, Խորհուրդի անդամ Նապիկ Մելիքեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Արիս Դաւթեան։

Հոճաթոլլահ Այուպի ընդգծելով երկրին մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ Իրանի մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովին ջանքերը՝ այս ուղղութեամբ առաւելագոյնի հասցնելու սոյն կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը, տեղեկութիւններ հաղորդած է Ս. Ամենափրկիչ վանքը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ  ներառելու գործընթացին վերաբերեալ:

Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան անդրադարձած է Սպահանի հայկական թաղամասի պատմական յուշարձաններու վերականգնման եւ պահպանման գործին մէջ հայ համայնքի անդամներու եւ յատկապէս Սպահանի հայոց թեմի ազգային իշխանութեան ներդրումներուն, որ կարեւոր դեր խաղացած է Սպահանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման գործին մէջ։

Այնուհետեւ կողմերը քննարկած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ  Ս. Ամենափրկիչ վանքի ընդգրկման գործընթացը եւ յոյս յայտնած, որ ան կարելիին չափ արագ իրականութիւն կը դառնայ: