Հայաստանի կառավարութեան համար Գարեգին Բ.-ի գահընկէցութեան յետհաշուարկը սկսա՞ծ է։ Կառավարութիւնը կ՚ամբաստանէ բարձրաստիճան եկեղեցականները իրենց կուսակրօնութեան ուխտը չյարգելու մեղադրանքով։ Իշխանութիւնը գտաւ եկեղեցականներուն ամէնէն թոյլ կողմը։ Դեռ մինչեւ վերջերս անոնք իրենք զիրենք պաշտպանուած կը համարէին սահմանադրութեամբ եւ առանց քաշուելու կը հարուածէին իշխանութեան քաղաքական գործունէութիւնը, շատ յաճախ իշխանափոխութիւն պահանջողներու շարքերուն միանալով։ Իսկ Բագրատ արք. Գալստանեանի պարագային՝ «Սրբազան պայքար»-ը եկեղեցականի գլխաւորութեամբ բռնի իշխանափոխութեան փորձ էր։
Յաչս իշխանութեան՝ Բագրատ սրբազան խախտած է Պետութիւն-Եկեղեցի անջատումի կանոնը, որուն համար սկզբունքով պէտք էր Մայր Աթոռը զինք փիլոնազուրկ դարձնէր։ Սակայն, պահեց անոր եկեղեցականի կարգավիճակը առժամաբար սառեցնելով պաշտօնը։ Երեւոյթ մը որ եկեղեցական կանոնադրութեամբ սահմանուած չէ, ուրեմն՝ անօրինական է։ Շարքը երկար է եկեղեցականներու քաղաքական դաշտին մէջ խանգարիչ դերակատարութիւններուն, սկսեալ 44-օրեայ պատերազմէն, որոնց կարգին ամէնէն ակնառուն Գարեգին Բ.-ի՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջն էր, ինչպէս նաեւ ազգային տօներու առթիւ պետական արարողակարգը խախտելու երեւոյթը, չմիանալով պետական աւագանիի յարգանքի տուրքի արարողութեան՝ Ապրիլ 24-ին, ինչպէս նաեւ Անկախութեան տօնակատարութեան։ Արմատական ընդդիմութեան ցոյցերուն եկեղեցականներու մասնակցութիւնը եւ բեմերէն ճառախօսութիւնները անհաշիւ են։ Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ հակառակ վարչապետի դրած արգելքին Պելառուս հայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու այցելութեան,– 44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստութեան՝ Ալիեւին օգնած ըլլալու մասին Լուքաշենքոյի խոստովանութենէն ետք,– Վեհափառը այցելեց Մինսք, տեղւոյն նոր եկեղեցին օրհնելու։
Նկատի ունենալով յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դիրքաւորումը ընդդիմադիր ուժերու կողքին, իշխանութեան համար ժամը հնչած է, համբերութեան բաժակը յորդած։ Վերադարձ չկայ, պէտք է տապալել Առաքելական եկեղեցւոյ վերնախաւը։ Եկեղեցւոյ դիրքերը շատ թոյլ են կառավարութեան վճռորոշութեան եւ ձեռքին ունեցած օրինական պատճառաբանութեան դիմաց։
Իսկ ինչո՞ւ կառավարութիւնը Թաւշեայ յեղափոխութենէն եօթը տարի ետք միայն նման հարց կը յառաջացնէ։ Բարձրաստիճան եկեղեցականներու կուսակրօնութեան խախտումները նորութիւն չեն։ Հաւանաբար պատեհ առիթի կը սպասէր։ Գլխաւոր գրոհը եկաւ վարչապետէն, որ Դիմագիրքի իր էջին գրեց՝ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պէտք է յստակ պարզաբանի, արդեօք Գարեգին Բ.-ն խախտե՞լ է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի՞։ Այս հարցը պէտք է պարզաբանուի անյետաձգելիօրէն», աւելցնելով՝ «եթէ պարզուի, որ իրօք Գարեգին Բ.-ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ փաստի առկայութեան պահից նա չէր կարող լինել կուսակրօն քահանայ»։
Իշխանութեան թունդ քննադատներէն եւ բռնի տապալման կողմնակիցներէն Միքայէլ արք. Աջապահեան, որ Հայաստանի եկեղեցական դասուն մէջ իր կարծիքը անկաշկանդ կերպով արտայայտող անձնաւորութիւն է, եկեղեցականներու կուսակրօնութեան վերաբերեալ վարչապետի յարձակումներուն հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է. «Կուսակրօնութիւնը եկեղեցականների ամենախոցելի կէտն է։ Թող էդ պոռոտախօսներից ոեւէ մէկը փորձի մէկ ամիս առանց կնոջ ապրել, այն էլ 21-րդ դարուն…»։ Սա, ձեւով մը խոստովանանք է վարչապետի հնչեցուցած քննադատութեան դիմաց։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, իբր ինքնապաշտպանութեան միջոց յայտարարելով՝ «Եկեղեցւոյ հարցերը կը լուծուին եկեղեցական կարգերու ու կանոններու համաձայն եւ դուրս են պետական եւ քաղաքական գործիչներու իրաւասութենէն», որուն հակադարձեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Վահագն Ալեքսանեան, դիմագիրքեան իր էջին հետեւեալ գրառումով. «Եւ նորից եկեղեցականները կարծես թէ լաւ չեն հասկանում ստեղծուած իրավիճակը։ Պարոնայք, ձեր յայտարարութիւններ, կոչեր անելու եւ մնացածի ժամանակն անցել է։ Հանէք ձեր փիլոնները եւ գնացէք զբաղուէք ինչով ուզում էք։ Բարձր եկեղեցական պաշտօններում դուք տեղ չունէք ու սա անշրջելի է»։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։