Իրաքի “Մէսարաթ” հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած “Կրօններու երկխօսութիւն” ծրագրի շրջանակին մէջ, Ապրիլ 29-ին, Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան իր գրասենեակին մէջ ընդունած է երկրի կրօնական տարբեր համայնքներէն խումբ մը երիտասարդներ, որոնք օգտուելով այս առիթէն ծանօթացած են հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ ծէսերուն։
Հանդիպման աւարտին, կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Պերճ Թիւֆէնկճեան հիւր երիտասարդներուն ներկայացուցած է 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն ու ազդեցութիւններուն մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։