Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Դպրութեան աստիճանի տուչութիւն Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Լուսանկարը՝ Վահիկ Աւետիսեանի

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Մայիս 15-ին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նշելու համար նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման Ա. տարին։ Այս առթիւ Սրբազան հօր ձեռամբ ութ պատանիներ ստացած են դպրութեան աստիճան, որոնք այսուհետեւ պիտի ծառայեն իբրեւ դպիր (*)։

Յաջորդաբար, եկեղեցւոյ երգչախումբը ներկայացուցած է հոգեւոր երգեր եւ շարականներ, այնուհետեւ ցուցադրուած է տեսանիւթ մը։ Սրբազան հայրը շնորհաւորած է դպիրները եւ քաջալերած զանոնք ամենայն նուիրումով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ։ Ապա՝ վկայականներ ու Նոր Կտակարան նուիրած է անոնց։

Հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղած են Մասիս քհնյ Շահինեան, Յակոբոս քհնյ Իսահակեան ինչպէս նաեւ Զախոյի, Հաւրէզքի, Աւզրուկի, Տհոքի թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները։

———

(*) – Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կրտսեր աստիճանաւորներուն (ընթերցող-գրակարդաց, դռնապան, ջահընկալ…) տրուող ընդհանուր անուանում մըն է դպիրը:

Դպիր կարգելու յատուկ արարողութիւնը տակաւին ձեռնադրութիւն չէ, այլ՝ տուչութիւն, որով պատանիին որոշ իրաւունքներ կը տրուին։ Դպիրը կը ստանձնէ եկեղեցւոյ տարբեր ծառայողներու պարտականութիւններ. կարգուկանոն պահել, ծիսական արարողութիւններու ժամանակ կերոն բռնել, Աստուածաշունչ ընթերցել եւ աղօթել, կամ ըլլալ սաղմոսերգող եւ առհասարակ՝ երգեցիկ խումբի անդամ։