ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Մայրերու տօնը՝ Առաջնորդարանին առընթեր գործող ազգային նախակրթարանին մէջ

Իրաքահայոց թեմի առաջնորդարանի տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ Մարտ 20-ի առաւօտուն, Իրաքահայ թեմի առաջնորդ՝ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան հովանաւորած է Պաղտատի ազգային վարժարանի եւ մանկապարտէզի «Մայրերու տօն»-ին առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւնը:

Այս առիթով վարժարանի սիրասուն փոքրիկները հանդէս եկած են երգերով եւ արտասանութիւններով, արտայայտելով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը մօր նկատմամբ։

Հանդիսութեան ներկայ եղած է Արտակ քհնյ Միրզոյեան, նախակրթարանի տնօրէն` դոկտ. Սապահ Իլիիա  եւ ուսուցչական կազմը։

Լուսանկարները՝ Մարիամ Մարտիրոսեանի