Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ՝ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ, Փետրուար 17-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է: Պատարագիչն էր Էրպիլի հոգեւոր հովիւ՝ Արթուն քհնյ Խալաթեան: Բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ քահանայ հայրը հրաւիրած է առաջնորդ Հայր Սուրբը օրուան քարոզը խօսելու ու իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու հաւատացեալ ժողովուրդին:
Պատարագէն ետք՝ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ թեմի Առաջնորդը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հիւպատոս՝ Արշակ Մանուկեանի եւ թաղականութեան անդամներուն հետ, ուր ներկայ եղած է նաեւ կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ՝ Վարդան Վարդանեան: