Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԱԹՎԻԱ – Ռիկայի մէջ թարգմանաբար լոյս տեսած է հայ գրող Գրիգի «Յիսուսի կատուն»

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի Գրականութեան բաժնին կողմէ համակարգուող «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի շրջանակին մէջ, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ լոյս տեսած է ժամանակակից հայ գրող Գրիգի «Յիսուսի կատուն» (Jēzus Kaķis)՝ պատմուածքներու ժողովածուն։

Գիրքը ներկայացուած է որպէս ժամանակակից հայ գրականութեան ընտրանի։

Հեղինակը լաթվիացի ընթերցողներուն կը ներկայացնէ բազմաշերտ ու խորհրդանշական պատմութիւններ՝ համեմուած հայ միտքի ու երգիծաբանութեան առանձնայատկութիւններով։

Հատորը հրատարակուած է 2024-ին, Ռիկայի մէջ, «Ջումաւա» Apgāds Jumava հրատարակչութեան կողմէ։

Հայերէնէն լաթվիերէն թարգմանութեան հեղինակն է Վալտա Սալմինա, խմբագիրը՝ Սանտրա Սքուժա։

Գիրքը հայերէնով հրատարակուած է 2015-ին, «Անտարես» հրատարակչութեան «XXI. արդի հայ արձակ» մատենաշարով։ Բազմիցս վերահրատարակուած եւ թարգմանուած է տարբեր լեզուներով։