Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւններէ ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքի շահագործման կարգը պէտք է համապատասխան ըլլայ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրին, իսկ հոն միջանցքին անցակէտեր նախատեսուած չեն։ “Այդ կը նշանակէ բացառապէս քաղաքացիական եւ մարդասիրական բեռներու, քաղաքացիական անձանց ազատ տեղաշարժը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։ Մենք ճիշդ ատոր կը ձգտինք՝ առաջին հերթին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով”,– շեշտած է ռուս նախարարը։
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի արեւելեան տարածքներուն մէջ ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման հետ կապուած Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ դատավարութեան՝ վնասի փոխհատուցման առնչութեամբ, ապա, ըստ Լաւրովի, ատիկա Հայաստանի եւ Ազերպայճանի երկկողմ հարցն է: ■