Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով, Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով Ասթանայի մէջ քննարկած են հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեղ ջանքերը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ համակողմանիօրէն հետեւելու երեք երկիրներու ղեկավարներու՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներուն։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ:
Կողմերը համաձայնած են յառաջիկային տարբեր մակարդակներով շարունակել եռակողմ շփումները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։