Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լաւրով.– “Ռուսաստան կ՚ողջունէ Թուրքիոյ և Հայաստանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը” 

Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ Լաւրովի եւ Չաւուշօղլուի բանակցութիւնները ամփոփող մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ռուս նախարարը յայտարարած է, թէ Մոսկուա կ՚ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը։

Բացի ատկէ, Լաւրով նաեւ բարձր գնահատած է Թուրքիոյ ջանքերը ռուս–ուքրաինական պատերազմին գծով․– “Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները չեն համապատասխաներ, սակայն Մոսկուա բարձր կը գնահատէ Անգարայի ջանքերը՝ ուղղուած ճգնաժամի կարգաւորման”,– ըսած է ան։