ԼԱ ՀԷՅ – Հայաստանի դեսպանութիւնը մասնակցած է ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկին

Նետերլանտներու մէջ Հայաստանի դեսպանատունը մասնակցած է Լա Հէյի մէջ «Ալիանս Ֆրանսէզ»-ի կազմակերպած «Ֆրանսախօսութիւնը առանց սահմանի» ձեռնարկին՝ միասին տօնելու համար ֆրանսախօս ընտանիքի մշակութային բազմազանութիւնը:

Այցելուները համտեսած են հայկական ուտեստեղէններ, մասնակցած՝ ազգային պարի աշխատանոցներու եւ վայելած՝ Ազնաւուրի երաժշտութիւնը: