Ապրիլ 20-ին, Նետերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ Լա Հէյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած համերգ կազմակերպուած է։ Ներկայ եղած են Նետերլանտներու խորհրդարանի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ, հայ համայնքի անդամներ։
Նետերլանտներու խորհրդարանի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներու ընթացքին ընդգծած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած այդ ուղղութեամբ շարունակական ջանքեր գործադրելու իրենց յանձնառութիւնը:
ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան շնորհակալութիւն յայտնած է պետական պաշտօնատարներուն, խորհրդարանականներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրը տեղւոյն հայ համայնքի կողքին կանգնելնուն եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իրենց տարած գործունէութեան համար, յուսալով որ՝ Նետերլանտներու կառավարութիւնը եւս մօտ ապագային կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Յիշատակի երեկոյթը աւարտած է «Zwarte Zee» հնգեակին կողմէ հայ անուանի երգահաններու ստեղծագործութիւններու կատարումներով։