2023 Մարտին, Լեհաստանի Զապժէ քաղաքին մէջ լոյս տեսած է «Մունետիկ» եռամսեայ հանդէսին առաջին թիւը։ Գունաւոր էջերով պարբերականը հրատարակուած է հայ-լեհական հասարակական կոմիտէի նախագահ Հրաչեայ Պորաճեանի նախաձեռնութեամբ։
«Մունետիկ»-ի առաջին թիւին մէջ լոյս տեսած են Լեհաստանի հայ համայնքին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ 655-ամեայ պատմութեան նուիրուած յօդուածներ, անցեալ ամիսներուն տեղի ունեցած հայ-լեհական մշակութային ձեռնարկներուն նուիրուած տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Լեհաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին եւ միջպետական կապերուն նուիրուած գրութիւններ։
Մարտ 25-ին, Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Մունետիկ»-ի շնորհահանդէսը։ Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ողջունած է հանդէսին հրատարակութիւնը՝ ընդգծելով անոր ոչ միայն տեղեկատուական-լրատուական նշանակութիւնը, այլեւ Լեհաստանի հայ համայնքը շաղկապելու եւ հայապահպանութեան նպաստելու դերակատարութիւնը։
Պարբերականին տպաքանակը 500 է։ Փափաքողները կրնան դիմել խմբագրութեան եւ պատուիրել հետեւեալ հասցէով.
sekretariat.ormianie@gmail.com
Առաքման ծախսը կը հոգայ խմբագրութիւնը։