Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Երաժշտական մրցոյթ՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններուն

Մայիս 30-ին, Օսթրովիեց Շվիենթոքրշիսքի (Ostrowiec Świętokrzyskie) քաղաքի պետական երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է «Լեհաստանը Խաչատրեանի հետ» խորագիրը կրող երաժշտական մրցոյթ մը, որուն մասնակցած են լեհ աշակերտներ, ներկայացնելով հայ մեծանուն երաժիշտին ստեղծագործութիւնները։

Մրցոյթին ներկայ եղած են հարիւրէ աւելի հիւրեր՝ մարզային եւ համայնքային պաշտօնատարներ, լրագրողներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ ելոյթ ունեցած է Վաչիկ Մարտիրոսեան,  ընդգծելով հայերու եւ լեհերու ընդհանուր մասնայատկութիւնները, նշելով թէ ընդհանրապէս մշակոյթը հիմք կը հանդիսանայ խաղաղ գոյակցութեան։

Դեսպանութեան պատուոյ հովանաւորութիւնը վայելող մրցոյթին լաւագոյն աշակերտները պարգեւատրուած են վկայագրերով։