Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լեմքին հիմնարկը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է հետեւելու Ֆրանսայի Ազգային ժողովի օրինակին

 

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը արձագանգած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընդունած բանաձեւին:

«“Լեմքին” հիմնարկը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին՝ թիւ 388 բանաձևը ընդունելուն համար, որով Ազերպայճանէն կը պահանջուի դադրեցնել Հայաստանի դէմ յարձակումները եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ:

Մենք կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան միւս անդամներուն հետեւելու այս օրինակին եւ ընդունելու նմանատիպ օրինագծեր»,– գրուած է Հիմնարկի թուիթըրեան էջին վրայ։