Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները, եպիսկոպոսները, կղերական դասն ու հաւատացեալ ուխտաւորները, որոնք Հռոմ կը գտնուէին Արեւելեան եկեղեցիներու յոբելեանին առիթով (Մայիս 12-14), այդ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս առիթը ունեցած են Վատիկանի «Պօղոս Զ.» դահլիճին մէջ, Մայիս 14-ին հանդիպում ունենալու շաբաթ մը առաջ ընտրուած նոր Քահանայապետին հետ։
“Գեղեցիկ է ձեզ տեսնել այստեղ, ճիշդ Յոյսի յոբելեանին առիթով, որուն անխորտակելի հիմքն է Յիսուսի յարութիւնը։ Բարի եկած էք Հռոմ։ Ուրախ եմ ձեզի հանդիպելու եւ արեւելքի հաւատացեալներուն նուիրելու իմ քահանայապետութեան առաջին հանդիպումներէն մին”,– ըսած է Լեւոն ԺԴ.։
«Դուք թանկարժէք էք»
“Դուք թանկարժէք էք։ Ձեզի նայելով կը մտածեմ ձեր ծագումներու բազմազանութեան, ձեր փառահեղ պատմութեան եւ այն դառն տառապանքներուն մասին, զորս ձեր համայնքներէն շատերը կրեցին կամ կը կրեն”,– շարունակած է Սրբազան պապը մէջբերելով նաեւ Փրանկիսկոս պապի Արեւելեան եկեղեցիներուն ուղղած խօսքերը ու յղում կատարելով նաեւ Լեւոն ԺԳ. երջանկայիշատակ քահանայապետին (քահանայապետութիւն՝ 1878-1903), որ «առաջինը հրապարակած է ձեր Եկեղեցիներու արժանապատւութեան նուիրուած յատուկ փաստաթուղթ մը, նախ եւ առաջ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ “մարդկային փրկագործութիւնը սկսաւ Արեւելքի մէջ” (հմմտ. Առաքելական նամակ Orientalium dignitas, 30 Նոյեմբեր 1894թ.)»:
“Այո՛, դուք ունիք եզակի եւ առանձնաշնորհեալ դեր մը”,– շարունակած է Լեւոն ԺԴ., մէջբերելով նաեւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապի «Orientale lumen» առաքելական նամակէն հատուածներ։ Ապա, Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին՝ Լեւոն ԺԳ. Պապի դեռ այն ժամանակներուն յայտնած մտահոգութիւնները դատելով տակաւին այժմէական, աւելցուցած է. “որովհետեւ մեր այս օրերուն բազմաթիւ արեւելքցի եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ստիպուած են փախչելու իրենց ծագման երկիրներէն, պատերազմի ու հալածանքներու, աղքատութեան ու անկայունութեան պատճառաւ, Արեւմուտք հասնելով՝ բացի իրենց հայրենիքը կորսնցնելէ, դէմ-յանդիման կը գտնուին նաեւ իրենց կրօնական ինքնութիւնը, եւ սերունդներու անցումին հետ միասին՝ Արեւելեան եկեղեցիներու անգնահատելի ժառանգութիւնը կորսնցնելու վտանգին”։
“Մէկ դար առաջ Լեւոն ԺԳ. անդրադարձաւ որ Արեւելեան ծէսերու պահպանումը շատ աւելի կարեւոր է, քան ինչ որ կը մտածէինք եւ այս նպատակով Ան սահմանեց՝ «ոեւէ լատին միսիոնար…որ խորհուրդով կամ օգնութեամբ ոեւէ արեւելքցի կը ներքաշէ լատինական ծէսի մէջ, պէտք է բացառուի իր աշխատանքէն եւ հեռացուի իր պաշտօնէն»”,– շարունակած է Պապը:
“Ընկալենք կոչը՝ պահպանելու եւ խթանելու քրիստոնեայ Արեւելքը, յա՛տկապէս սփիւռքի մէջ”,– ըսած է Լեւոն ԺԴ., այս ուղղութեամբ հայցելով Արեւելեան եկեղեցիներու Վերատեսչութեան աջակցութիւնը, որ իրեն օգնէ սահմանելու սկզբունքներ, կանոններ եւ ուղեցոյցներ, որոնց միջոցաւ լատին հովիւները կարենան շօշափելի կերպով աջակցիլ սփիւռքի արեւելեան կաթողիկէներուն՝ պահպանելու իրենց կենդանի աւանդութիւնները եւ հարստացնելու այն համածիրը, որուն մէջ անոնք կ՚ապրին իրենց առանձնայատկութիւններով։
«Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի»
“Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի։ Որքա՜ն մեծ է այն ներդրումը, որ քրիստոնեայ Արեւելքը կրնայ մեզի փոխանցել այսօր։ Որքա՜ն կարիքն ունինք վերականգնելու խորհուրդի զգացումը, որ այնքան կենդանի է ձեր պատարագներուն մէջ, որոնք կ՚ընդգրկեն մարդկային անհատը իր ամբողջութեամբ, կ՚երգեն փրկութեան գեղեցկութիւնը եւ հիացում կ՚առթեն մարդկային փոքրութիւնը գրկող աստուածային մեծութեան նկատմամբ”,– աւելցուցած է Սրբազան քահանայապետը, կարեւոր նկատելով որ «քրիստոնեայ Արեւմուտքը եւս վերագտնէ Աստուծոյ առաջնութեան իմաստը, արեւելեան հոգեւորականութեան բնորոշ խորհրդաւորութիւնը, անդադար բարեխօսութեան, ապաշխարութեան, պահքի, սեփական եւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերու համար լացի արժէքը»։
“Ասոր համար անհրաժեշտ է պաշտպանել ձեր աւանդութիւնները”,– շեշտած է Լեւոն ԺԴ., Արեւելեան եկեղեցիներուն հոգեւորականութիւնը նկատելով «դեղորայք», որոնց մէջ «մարդկային տառապանքի ողբերգական զգացումը միաձուլուած է աստուածային ողորմածութեան նկատմամբ զարմանքի հետ»։
Կոչ՝ խաղաղութեան
Ան իր պատգամը եզրափակած է խաղաղութեան մաղթանքով համայն աշխարհի համար եւ կոչ ըրած է այդ ուղղութեամբ։
“Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՚ուզեն եւ ես սիրտս ձեռքերուս մէջ ժողովուրդներու պատասխանատուներուն կ՚ըսեմ. հանդիպինք, խօսինք, բանակցինք։ Պատերազմը անխուսափելի չէ երբեք, զէնքերը կրնան ու պէ՛տք է լռեն, որովհետեւ անոնք հարցերը չեն լուծեր, այլ զանոնք կ՚աւելցնեն. որովհետեւ պատմութեան մէջ պիտի մնայ ոչ թէ զոհ դիզողը այլ խաղաղութիւն սերմանողը, որովհետեւ միւսները նախ եւ առաջ թշնամի չեն այլ մարդկային էակներ, ոչ թէ ատելի չարիքներ, այլ անձեր` որոնց հետ պէտք է խօսիլ”,– ըսած է Լեւոն ԺԴ., կոչ ընելով խուսափելու «բռնութեան պատմութիւններուն բնորոշ մանիքէական տեսլականներէն, որոնք աշխարհը կը բաժնեն լաւի եւ գէշի միջեւ»։
“Թող ձեր եկեղեցիները ըլլան օրինակ, հովիւները խթանան հաղորդութիւնը, յատկապէս Եպիսկոպոսներու սինոդոսին մէջ, որպէսզի անոնք ըլլան վայր միաբանութեան եւ իսկական պատասխանատւութեան։ Թող խնամք տարուի բարիքներու մատակարարման թափանցիկութեան, թող վկայութիւն տրուի Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին, առանց կաշկանդուելու փառքով, աշխարհի իշխանութեամբ ու անհատական տիպարով”,– թելադրած է Պապը ու հաստատած, որ քրիստոնեայ Արեւելքի փայլքը, այսօր աւելի քան երբեք կը պահանջէ ազատութիւն ամէն տեսակ աշխարհիկ կախուածութենէ եւ հաղորդութեան դէմ որեւէ հակումէ։
“Եւ ես ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ասոր համար ու ձեզ կ՚օրհնեմ ի սրտէ, ձեզմէ խնդրելով որ աղօթէք Եկեղեցւոյ համար ու իմ առաքելութեան համար բարձրացնէք բարեխօսութեան ձեր զօրեղ աղօթքները”,– եղած են Լեւոն ԺԴ.-ի եզրափակիչ խօսքերը։
Ապա, Ան ողջունած է ունկնդրութեան ներկայ գտնուող պատրիարքները, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., որ Պապին նուիրած է Զմմառու ցաւագին Տիրամօր պատկերը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։