Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԻԲԱՆԱՆ. Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահած է Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ Մանկավարժական կեդրոններու յանձնախումբերու ժողովին

Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար նախագահած է Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական կեդրոններու նորանշանակ յանձնախումբերու ժողովներուն:

Ողջունելով Հայագիտական կեդրոնի յանձնախումբի առաջին նիստը՝ Կաթողիկոսը շեշտած է անոր աշխատանքներուն յատուկ կարեւորութիւնը, իբրեւ հայագիտական բազմաթիւ նիւթեր ընդգրկող միակ կեդրոն: Ընդգծելով Սփիւռքի մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ան ըսած է, որ նոր ծրագրերով անհրաժեշտ է առաւել ծաւալ ու որակ տալ Կեդրոնի աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին որոշուած է քննել Լիբանանէն դուրս առցանց դրութեամբ ուսանողներ ընդգրկելու, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Մանկավարժական կեդրոնին հետ գործակցաբար Հայագիտական կեդրոնի վկայականին պետական ճանաչում ապահովելու կարելիութիւնը:

Յայտնենք, որ ներկայիս 22 ուսանողներ կը հետեւին Հայագիտական կեդրոնի դասընթացքներուն: Նորանշանակ յանձնախումբի անդամներն են Շահան արք. Սարգիսեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Շահան Գանտահարեան: Իսկ Կեդրոնի տնօրէնն է Ահարոն Շխրտմեան:

Ապա, ողջունելով «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական կեդրոնի նորանշանակ յանձնախումբը, Արամ Ա. յիշեցուցած է անցնող աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին Կեդրոնին բերած կարեւոր նպաստը՝ հայ ուսուցիչներու մանկավարժական պատրաստութեանց գծով: Լայնօրէն քննարկելէ ետք Կեդրոնին ներկայ աշխատանքները, յանձնախումբը որոշած է յառաջիկային զարկ տալ Հայագիտական կեդրոնին հետ գործակցութիւնը աւելի կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերաորակաւորման սեմինարներ կազմակերպելու ծրագրերը:

Յայտնենք, որ Կեդրոնը պետական ճանաչում ունի BT3, TS եւ LT վկայականներով եւ ցարդ Կեդրոնի աշակերտները յաջողութեամբ ստացած են յիշեալ վկայականները:

Կեդրոնէն ներս ներկայիս ուսանողութեան թիւն է 20: Վերակազմեալ յանձնախումբի անդամներն են՝ տիկին Շաղիկ Գանտահարեան, պրն Տիգրան Ճինպաշեան, տիկին Թամար Հաշէօլեան, իսկ Կեդրոնի տնօրէնուհին է տիկին Սիլվա Ներսէսեան: