Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, Մարտ 21-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ընթացք առած է զօրակցական ջահերթը։
Աւելի քան 100 պատանիներ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, ջահերով եւ Արցախի մեծ դրօշով շրջած են Պուրճ Համմուտի թաղամասերուն մէջ: Անոնց ներկայութիւնը ոգեւորած է շրջանի բնակիչները, որոնք խանդավառութեամբ դիմաւորած են զանոնք:
Աւարտին, պատանիները համախմբուած են Պուրճ Համմուտի Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց, ուր խօսք առած է Վանա Աւետիսեան: Ան ըսած է. “Ահաւասիկ 100 օր անցած է Արցախի դէմ Ազերպայճանի պարտադրած անարդար, անմարդկային եւ միջազգային օրէնքով ապօրինի շրջափակման: 100 օրէ ի վեր Արցախի հերոսական ժողովուրդը տոկաց ու կը շարունակէ տոկալ` հաստատելով, որ օժտուած է պայքարի ոգիով եւ թշնամիին ամէն գնով դէմ դնելու աննկուն կամքով”:
Արցախի զօրակցական հաւաքը փակուած է «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով: