Անհուն կսկիծով վերահասու եղանք Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ դպրոցներու բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանի մահուան, 91 տարեկանին։
Բօթը կը գուժեն Ֆրանսայի ԱՓՔԱՖ միութեան վարչականները, նշելով որ մահը պատահած է Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Այնճարի մէջ։
Ծանօթ է, որ Գէորգ Հ. Արապեան, չգոհանալով Լիբանանի հայկական դպրոցներու բարերարութեամբ,– յատկապէս թեմիս անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի եւ ողբացեալ Կարպիս Ջրբաշեանի ալ միջնորդութեամբ,– փափաքեցաւ Ֆրանսահայ կրթական ոլորտին մէջ եւս ունենալ իր ներդրումը, որ հսկայական եղաւ, քանի որ անոր իշխանական նուիրատւութիւններուն շնորհիւ դպրոցներ կառուցուեցան Ալֆորվիլի եւ Վալանսի մէջ, որոնք կը կրեն իր անունը։
Գէորգ Արապեան եղաւ ու պիտի մնայ փայլուն օրինակ մը հայ դպրոցի առաքելութեան իր նեցուկով եւ հաւատարմութեամբ։
Կը խոնարհինք իր բարի յիշատակին առջեւ եւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան պարագաներուն։
Կ՚անդրադառնանք՝ առանձին։