Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԻՈՆ – Հայաստանի մասնակցութիւնը Լիոնի ամէնամեայ հիւպատոսական տօնին

2025 Յունիս 14–15, Լիոնի կեդրոնական «Պելգուր» հրապարակին վրայ, քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ ամէնամեայ Հիւպատոսական տօնը՝ «Մեր երկիրներուն բնական եւ ճարտարապետական գանձերը» ընդհանուր խորագրով:

Տօնին նախորդող օրը՝ Յունիս 13-ին, Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի հրաւէրով քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն մասնակցեցան այս առիթով Լիոն ժամանած տարբեր երկիրներու դեսպանները եւ հիւպատոսները:

Տօնակատարութեան մասնակցեցան Լիոնի մէջ գործող հիւպատոսութիւններն ու կազմակերպութիւնները՝ շուրջ յիսուն տաղաւարով:

Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան տաղաւարին մէջ ներկայացուեցան Հանրապետութեան տասը մարզերուն եւ Երեւանի բնապատկերները եւ պատմա-մշակութային յուշարձանները, նկարազարդ ֆրանսերէն լեզուով ալպոմներ եւ յուշանուէրներ: Ելոյթ ունեցաւ Լիոնի «Նայիրի» պարախումբը:

Հայաստանի տաղաւարը ունեցաւ մեծ թիւով այցելուներ, ներառեալ՝ զբօսաշրջիկներ։