ԼԻՈՆ – «Հայաստան կրնա՞յ անհետանալ» բնաբանով դասախօսութիւնը

Հարաւային Լիոնի «Ռոթարի» ակումբին եւ «Միւսքարի» բարեսիրական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ Սեպտեմբեր 22-ին Լիոնի «Նովոթէլ-Ժեռլան» պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան կրնա՞յ անհետանալ» բնաբանով շահեկան դասախօսութիւն մը, արժէքաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ 

Կազմակերպիչներու բարիգալստեան ելոյթներէն ետք խօսքը տրուեցաւ դասախօսութեան զրուցավար Տիգրան Եկաւեանին, որու վերջերս Էրիք Տենեսէի հետ միասին հրապարակած «Haut-Karabakh – le livre noir»-ն ալ մեծ մասամբ առնչուած է այն հանգամանքներուն, որոնք բնականաբար սերտօրէն կ՚առնչուին Հայաստանին, եւ պիտի քննարկուէին, վիճարկուէին քիչ ետք։ 

Եկաւեան նախ եւ առաջ շեշտեց, որ դասախօսութեան խորագիրը հանդիսացող հարցումը սկզբունքով՝ պէտք չէր իսկ հարցադրման առարկայ դառնար, բայց խնդիրը ներկայ փուլին դժբախտաբար հոս հասած է, յատկապէս Սեպտեմբեր 13-ի ազերպայճանական վերջին յարձակումէն ետք։ Ան աւելցուց, որ այս ամբողջը տեղի կ՚ունենայ Ֆրանսական եւ ընդհանուր առմամբ արեւմտեան լրասփիւռներու ընդհանուր անտարբերութեան մէջ,– բացառութիւնները յարգելով անշուշտ,– եւ ըսաւ, որ այս դասախօսութեան նպատակը տրտնջալ չէ, այլ՝ ահազանգ հնչեցնել, եւ այդ առումով ինք հոդ շատ ճիշդ անձերով շրջապատուած է։ 

Ապա ներկայացուց դասախօսութեան մասնակիցները՝ քաղաքական գիտութեանց դոկտոր, դասախօս՝ Թալին Փափազեան, աշխարհագրագէտ, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ հարցերու մասնագէտ, «Haut-Karabakh – le livre noir» հատորին մէջ ներածական- յօդուած մը ստորագրած Ֆապրիս Պալանշ, «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն,– որ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Հայոց ամէնէն աշխուժ դեսպանն է ֆրանսական մամուլին եւ ընկերային ցանցերու մէջ։

Նախ խօսք առաւ Թալին Փափազեան, որ ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակը Սեպտեմբեր 13-էն ի վեր, եւ բացատրեց թէ՝ ինչո՞ւ Ազերպայճան վճռած է շարունակել իր ռազմատենչ ընթացքը։ Միջանկեալ ան ըսաւ, որ վեց ամիս առաջ երբ Տիգրան Եկաւեան արդէն կը ծրագրէր ա՛յս դասախօսութիւնը ա՛յս խորագրով եւ կապ կը հաստատէր իրեն հետ իր մասնակցութեան կարելիութեան մասին խօսելու համար՝ ինք նախ հակազդած էր ըսելով՝ «Միթէ Տիգրա՛ն, ըլլալի՞ք բան է այդ»։ Թաշճեան աւելցուց՝ “Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, վեց ամիս ետք ահա այդ վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուինք”։ 

Ապա, մեծ պաստառներու վրայ ցուցադրուող քարտէսներու ալ օգնութեամբ ան բացատրեց Ազերպայճանի նուաճողական ձգտումներուն գլխաւոր զոյգ դրդապատճառները։ Առաջինը «Զանգեզուրի միջանցք»-ը կեանքի կոչելու նպատակն է, եւ երկրորդը՝ Հայաստանը վերածելու՝ պարզ գօտիի մը (zone tampon), ապազինուած, վերապրելու անկարող պետութեան մը։ Կարճ խօսքով՝ ինչպէս Տիգրան Եկաւեան ալ ամփոփելով ըսաւ՝ մղուածը «ոչնչացման պատերազմ» մըն է։ 

Այնուհետեւ, Եկաւեան նախքան խօսքը տալը Պալանշին, շեշտը դրաւ Հայաստանի ոչնչացման ուղղուած ռազմավարութեան մէջ փանթուրքութեան հեռանկարներու գրաւած տեղին վրայ,– ակնարկելով Թուրքիոյ աշխուժ ներգրաւման,– եւ զարգացումները վերագրեց նորօսմանական ռազմավարութեան։ Այս առիթով պարսաւեց ֆրանսական լրասփիւռները ընդհանրապէս, եւ յիշեց AFP-ն յատկապէս, որոնք զանց կ՚առնեն սոյն կարեւոր հանգամանքը։ 

Պալանշ սահմռկեցուցիչ հաստատումներով սկսաւ իր խօսքը, անշեղ ըսելով՝ “Այո՛, Հայաստան կրնայ անհետանալ, որովհետեւ կայսրութիւնները կը վերադառնան Կովկաս”։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ շեշտը դրաւ Հայաստանի,– առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանրապետութիւններու՝ բոլորի՛ն ալ,– միշտ այս կամ այն ուժին հովանաւորութենէն կախեալ ըլլալու հանգամանքը եւ աւելցուց, որ այսօր տուեալները փոխուած են եւ Հայաստանի ֆիզիքական գոյութիւնը իսկապէ՛ս սպառնալիքի ենթակայ է։ Ան եւս անդրադարձաւ Ազերպայճանին՝ Թուրքիոյ անգնահատելի նեցուկին. ըստ իրեն՝ ազերպայճանական բանակը չէր կրնար շահիլ Արցախեան վերջին պատերազմը առանց ատոր։ Այս առումով ան յատկապէս յիշեց Թուրքիոյ ապահոված ճիհատական վարձկաններու կարեւոր դերը, որոնք հայկական անառիկ նկատուող ճակատներուն վրայ ազերպայճանական բանակին կողմէ մեծ մասամբ գործածուեցան որպէս «կեր», ու ի վերջոյ կռուողներու թիւի առաւելութեամբ ալ ապահովուեցաւ յաղթանակը։ “Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը՝ Իտլիպի շրջանը Թուրքիոյ համար ճիհատական վարձկաններու ամբար մըն է”,– եզրակացուց ան։ Պալանշ վերադառնալով նախապէս արծարծած կայսրութիւններու վերադարձի հարցին, ըսաւ որ Թուրքիա նախաձեռնած է նորօսմանական ռազմավարութեան, Ռուսաստան ու Իրան նոյնպէս ծաւալապաշտական ռազմավարութեան հետամուտ են, այնպէս որ՝ փոքր պետութիւններուն, որոնք ինքնաբաւ չեն պաշտպանութեան առումով, շատ տեղ չի մնար, իսկ նորօսմանական ռազմավարութիւնը կը ծրագրէ ոչնչացնել Կովկասի քրիստոնեայ բնակչութիւնները, հոն տեղաւորելու համար մահմետականներ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Էրտողանի «մեծ Իսլամ»-ի երազանքին, որ կը կայանայ «Մահմետական եղբայրներ»-ու շուրջ համախմբելու մէջ իսլամական աշխարհը, որքան կարելի է, այնքան տարածուն աշխարհագրական գօտիի մը ներքոյ, մինչեւ Ֆրանսա եւ այլուր։ 

Հոս նիւթէն քիչ մը շեղելով կ՚արժէ անդրադառնալ Ֆապրիս Պալանշի հետաքրքրական մէկ ակնարկին, որ ի դէպ, այնքան ալ շեղում պէտք չէ նկատել, քանի որ մասնագէտը ինք իսկ պատշաճ դատեց ընդգծել։ Նորօսմանականութեան ծիրէն ներս՝ իսլամապաշտութիւնը նաեւ Ֆրանսայի մէջ տարածելու Թուրքիոյ ներդրած ջանքերուն մասին իր խօսքերուն մէջ, ան նշեց, որ մզկիթներու քարոզչութենէն, բացուած յատուկ դպրոցներէն եւ այլն անդին, վերջին տարիներուն ականատես կ՚ըլլանք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեծ թիւով Թուրքերու թեկնածութեան, ու աւելցուց որ այդ անհատներուն բուն նպատակը երբե՛ք կամ գրեթէ երբեք ճշմարտապէս երեսփոխան դառնալը չէ, այլ ընտրութեանց առաջին շրջանին իրենց շահած քուէներու տոկոսը երկրորդ շրջան անցած թեկնածուներուն «վաճառել»-ն է, թրքամէտ, կամ հակահայ երաշխաւորումներու փոխարէն։ «Շեղում»-ին հոս վերջակէտ կը դնենք։

Խօսելով՝ բացի Կովկասէն, այլ ուղղութիւններով եւս Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն մասին, մասնագէտը ըսաւ որ նորօսմանականութեան համաձայն՝ Թուրքիա կ՚ուզէ վերահաստատել Օսմանեան կայսրութեան շրջանի իր տարածքները, Պալքաններէն մինչեւ յունական կղզիներն ու թերակղզիները՝ իր ծովային տարածքը ընդարձակելու համար, մինչեւ հիւսիսային Սուրիա,– որ գրաւած է, ապահովութեան գօտի ստեղծելու պատրուակով,– եւ ուրկէ կ՚ուզէ բնաջնջել քիւրտ բնակչութիւնը։ Աւելցուց, որ 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին չենք այլեւս, բայց տարբեր միջոցներով կարելի ամէն ինչ կը կատարուի բնիկ ժողովուրդները վհատեցնելով՝ մղելու, որ մեկնին իրենց բնօրրաններէն։ Կը սպառնան բնակիչներուն, կը յարձակին, կը ռմբակոծեն՝ հրետանիով կամ անօդաչուներով, վայրագութիւններու կը դիմեն… եւ ի վերջոյ տուեալ շրջանին մէջ կեանքը կ՚անդամալուծուի, մարդիկ կը մեկնին։ “Թուրքեւազերի ճիշդ ա՛յս ռազմավարութիւնն է, որ այսօր կը գործադրուի Հայաստանի դէմ”,– ըսաւ ան։ Շեշտեց նաեւ, որ Արեւմուտքը դեռ չէ կրցած իմանալ Թուրքիոյ այս ճշմարիտ դիմագիծը, ու կը նախընտրէ հաւատալ աշխարհական, արդիական Թուրքիոյ։ Մինչդեռ ըսաւ Պալանշ, այսօրուան Էրտողանը շատ մը երեսակներով նման է 1920-30-ականներու Մուսոլինիին, որուն ամէն ինչ կը ներուէր… շարունակութիւնը ծանօթ է։ 

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.- “Ուրեմն, կացութիւնը ծայր աստիճան ծանրակշիռ է։ Հայաստան կրնայ անհետանալ աշխարհաքաղաքական, մշակութային, քաղաքակրթութիւններու բախումի պատճառներով, բայց նաեւ կրնայ անհետանալ՝ որովհետեւ ապաքրիստոնէացած, միամիտ Արեւմուտքը գիտակից չէ այս հակամարտութեան կարեւորութեան եւ անոր ինքնութենական պատերազմի հանգամանքին”։ 

Այնուհետեւ, Եկաւեան խօսքը տուաւ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնին, անոր յղելէ ետք հարցումը թէ՝ 2020-ին ֆրանսական լրասփիւռները իրենց լռութիւնը կը պատճառաբանէին Լեռնային Ղարաբաղին՝ ազերպայճանական հողային ամբողջականութեան մաս կազմելու պնդումով, իսկ այսօր մինչ Հայաստանի ինքնիշխան հողերն, են որոնք ազերպայճանական յարձակման ենթարկուած են, այդ լրասփիւռները նոյն կրաւորականութիւնը կը պահպանեն, աւելի չեն տագնապած։ Որդեգրուած է երկու կողմերը նոյն կշիռին վրայ դնելու կեցուածք մը։ Ինչպէ՞ս բացատրել այս իրողութիւնը։ 

Պիւիսոն նախ յայտնեց, որ հարցը պէտք չէ դիտել ինքնիշխան կամ ոչ-ինքնիշխան տարածքի ակնոցով. Ազերպայճան կը պնդէ միջազգային օրէնքի գործադրութեան վրայ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ թէ՛ Արցախը, թէ՛ Նախիջեւանը Ազերպայճանին կցուած են Ստալինի կողմէ եւ եթէ անոր կարգադրութիւնները պիտի համարուին միջազգային օրէնք… այդ ուրիշ հարց է։ Ապա, աւելցուց որ՝ հարցը պէտք չէ դիտել որպէս տարածքի խնդիր։ Ըսաւ, որ ինք ո՛չ Հայ է, ո՛չ ալ որեւէ պատճառ ունի հետաքրքրուելու Արցախով ու Հայաստանով, բացի մէկ պատճառէ՝ շատ մօտէն ուսումնասիրած է Պալքաններու եւ եւրասիական տարածաշրջանի անցեալը, որ բացառիկ բարդ է։ “Հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կ՚անցնի-կը դառնայ այսօր՝ պէտք է Պատմութեան շատ հին էջերը քրքել ու ահագին աշխատանք տանիլ։ Ա՛յս է իմ պաշտօնակիցներու լռութեան պատճառը”,– ըսաւ ան։ Պիւիսոն պատմեց, թէ տարիներ առաջ ոչ-պատերազմական, բոլորովին այլ նիւթով թղթակցութեան համար այցելած է Հայաստան ու առինքնուած է այդ երկրով ու նկատած՝ որ «Հայաստանը մեր տունն է». “Հայաստան եւ Ֆրանսա նոյն բանն են,– ըսաւ ան,– ինչ որ կը պատահի հոն՝ մեզի ալ կը վերաբերի”։ Անգամ մը եւս կրկնելով որ՝ հարցը տարածքային հարց չէ՝ ինքնիշխան կամ ոչ-ինքնիշխան տարածքի, նշեց որ մեր արժէքներուն բոլորովին հակոտնեայ արժէքներով օժտուած բռնապետութեան մը հետ է խնդիրը, անոր դաւանած այդ արժէքներուն հետ, թուելով ազերպայճանական վարչակարգի բացասական բոլոր բնորոշիչները, մանրամասնօրէն անդրադառնալով անոնցմէ իւրաքանչիւրին։ Հետաքրքրական էր այդ երկրին աշխարհական ըլլալու պնդումին վերաբերողը։ Պիւիսոն ըսաւ, որ Շուշին գրաւեցին, իրենց առաջին գործը եղաւ եկեղեցին մզկիթի վերածել։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին դիմեցին ճիհատականներու ծառայութեան, իսկ վերջերս՝ արտայայտուելով Հայաստանի դէմ սանձազերծուած յարձակման սպանուած զինուորներուն մասին՝ Ալիեւ բազմիցս կոչ ըրաւ Ալլահին։ “Զարմանալի կեցուածքներ աշխարհական ղեկավարի մը կողմէ”,– ըսաւ ան։ Ան, ֆրանսական լրասփիւռներու լռութիւնը բացատրեց մասամբ՝ անձնակազմերու թիւին տարուէ-տարի նուազումին, այդ սակաւ պաշտօնակիցներուն աւելի «ժողովրդականութիւն վայելող» նիւթերու հակումով։ Ինչ կը վերաբերի յարձակողն ու յարձակումի ենթարկուողը նոյն կշիռքին վրայ դնելու երեւոյթին՝ ան բացատրեց թէ Ազերպայճան, նաեւ իր դեսպանութեան միջոցով, սարսափելի քարոզչութիւն կը կատարէ, ամէն օր կը ստանան դէպքերը անոնց տարբերակով ներկայացնող հաղորդագրութիւններ, եւ տեղւոյն կացութենէն ապատեղեակ լրագրողները համադրում մը կ՚ընեն երկու կողմերու պնդումներուն, ինչ որ կու տայ մեզի ծանօթ անբաղձալի արդիւնքը։ Պիւիսոնի խօսքերուն մէջ լոյսի նշոյլ մը կարելի եղաւ նշմարել. լրագրողը նշեց, որ բաղդատմամբ 2020-ին երբ իրմէ զատ գրեթէ ուրիշ ֆրանսացի լրագրող չկար, այս անգամ կացութիւնը տարբեր է, բաւական մեծ թիւով ֆրանսացի թղթակից գացած է Հայաստան, լուսաբանելու համար իրավիճակը։ Ան եզրակացուց. “2022-ին, ինքնիշխան հողերու վրայ յարձակումը աւելի դժուար է արդարացնել, քան յարձակումը տարածքի մը վրայ՝ իմա՝ Արցախի, որու կարգավիճակը ըստ միջազգային օրէնքի, շատ աւելի բարդ է։ Այս պայմաններուն մէջ, չեմ հասկնար թէ ֆրանսական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս յստակօրէն չեն համարձակիր ըսել որ՝ կա՛յ յարձակող մը եւ կա՛յ յարձակման ենթարկուող մը։ Թերեւս տնտեսական եւ այլ ազդակնե՞ր… Յամենայն դէպս եթէ երկիր մը ինքնիշխան ուրիշ երկրի մը վրայ կրնայ յարձակիլ, ուրեմն ինչո՞ւ գայթակղիլ Փութինի՝ Ուքրաինայի վրայ յարձակումէն… Խօսի՛նք նաեւ ֆոսֆորի կամ բեկորային ռումբերու մասին։ Արցախեան պատերազմէն ետք, հիւանդանոցներու մէջ ես տեսայ այդ ռումբերով վիրաւորուածներ։ Իսկ այսօր ինչո՞ւ կը դատապարտեն Ռուսաստանը այդ զէնքերը գործածելու մեղադրանքով։ Դարձեալ ու կրկին՝ երկու չափ, երկու կշիռի հարցն է, որ անհասկնալի է մեր իշխանութիւններուն, եթէ ոչ՝ մեր լրասփիւռներուն կողմէ”։ 

Տիգրան Եկաւեան կրկին դիմելով Թալին Փափազեանին՝ հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ Հայաստանի դաշնակիցը՝ Ռուսաստան, նաեւ ՀԱՊԿ-ն, որուն անդամ է Հայաստան, չմիջամտեցին։ Փափազեան ըսաւ, որ Հայաստանի ապահովութեան կառոյցին հիմնասիւնը կը հանդիսանար,– մինչեւ այս վերջին դէպքերը,– 1997-ին Ռուսաստանի հետ կնքուած պաշտպանութեան դաշինքը, որուն Հայաստան կոչ չէ ըրած։ Բացատրեց նաեւ թէ ուքրաինական ճակատին վրայ արդէն պատերազմի մէջ ըլլալով՝ Ռուսաստան շատ հաւանաբար պիտի չփափաքէր ռազմական նոր ճակատ մը բանալ։ Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի՝ միջամտելու մերժումին, Փափազեան խոստովանեցաւ, թէ յստակ կարծիք չունի, բայց կ՚ենթադրէ, որ Ռուսաստանի «չարտաբերուած» մերժումը դեր խաղացած է։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց նաեւ որ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին «տէր»-ը պիտի ըլլայ Ռուսաստան եւ Ուքրաինայի պատերազմին հետեւանքով «փակուող անցք»-երը փոխարինող «բացուող նոր անցք» մը պիտի հանդիսանայ ան այդ երկրին համար եւ այս գործօնը չափազանց կարեւոր է։ Այսպէս, Հայաստանի նկատմամբ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը երկդիմի որակելէ ետք՝ Փափազեան եզրակացուց. “Իսկ թէ Ռուսաստան՝ Հայաստանի մինչեւ ո՞ր աստիճանի շնչահեղձութիւնը թոյլ պիտի տայ, անորոշ է։ Բայց հաւանականութիւններէն մէկն ալ այն է, որ յօժարի Հայաստանի ապակենդանացման (dévitalisation)”։ 

Եկաւեան, Փելոզիի վերջերս Երեւան այցելութիւնը յիշատակելով՝ Պալանշին հարց տուաւ, թէ արդեօք Հայաստան կրնա՞յ դիւանագիտականէն անդին, ռազմական զօրակցութիւն ակնալել ԱՄՆ-էն, օրինակ՝ որպէս խաղաքարտ ունենալով Իրանի վրայ վերահսկողութեան կէտ մը հանդիսանալու իր հանգամանքով։ Կամ գոնէ կարելի՞ է յուսալ, որ ԱՄՆ արգելակէ Ալիեւի ախորժակը։ Մերձաւոր Արեւելքի մասնագէտը, որ քաջածանօթ է նաեւ ԱՄՆ-ու, երկար տարիներ հոն աշխատած ըլլալով, պատասխանեց որ՝ իր համոզումով՝ այն աշխարհագրական դիրքին մէջ, ուր կը գտնուի Հայաստան, ԱՄՆ մեծ բան չի կրնար ընել, Իրանի վրայ ամերիկեան վերահսկողութեան կէտ հանդիսանալու յաւակնութիւնն ալ անիրական է հոն Ռուսերու ներկայութեան պայմաններուն մէջ։ ԱՄՆ-ու զօրակցութեան հարցը մէկդի ձգելով՝ Պալանշ յայտնեց իր խիստ համոզումը,– Սուրիոյ պատերազմին, վարագոյրներու ետին, Ռուսերու եւ Թուրքերու միջեւ կատարուած գաղտնի համաձայնութիւններու լոյսին տակ,– որ ներկայիս եւս գաղտնի համաձայնութիւններ կան Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ եւ Հայաստան դժբախտաբար այս «խաղ»-ին մէկ քարն է։ 

Եկաւեան վերջին հարցումը յղեց Պիւիսոնին, թէ՝ արդեօք Ֆրանսա կամ Եւրոպա կրնա՞ն ազդու միջոցներու դիմել ընդդէմ Ազերպայճանի, օրինակ՝ պատիժներ սահմանել։ Պիւիսոն կտրուկ պատասխանեց, որ Եւրոպական Միութենէն ոչինչ պէտք է յուսալ եւ աւելցուց որ երկու տարի առաջ ինք անձամբ քաջատեղեակ եղած է Հայաստանին օգնելու Մաքրոնի անկեղծ ջանքերուն, որոնք Եւրոպական Միութեան նրբանցքներուն մէջ անէացած են, յատկապէս Գերմանիոյ պատճառաւ, որ չ՚ուզեր Թուրքիոյ շահերուն հակասող քայլերու դիմել, զանազան պատճառներով։ “Ամէն պարագայի, Մաքրոն ոչինչ կրնայ ընել Եւրոպական Միութեան բովէն անցնելով, մանաւանդ տիկին վոն տեր Լեյէնի նախագահութեան ներքոյ, որ Ռուսաստանի կիրարկուող պատիժներու շրջանակին մէջ՝ Ազերպայճանի հետ կազի արտածման կրկնապատկումը նախատեսող պայմանագիր կնքեց”,– ըսաւ ան, նկատել տալով նաեւ որ՝ ազերպայճանի կազի պաշարները օր ըստ օրէ ցամքելով՝ շատ հաւանական է, որ մատակարարուողը, գոնէ մէկ մասը դարձեալ ռուսական կազ է։ Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի զէնք մատակարարելուն Հայաստանին՝ Պիւիսոն բացատրեց թէ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, Ֆրանսա իրաւունք չունի կողմերուն զէնք մատակարարելու, բայց եւ այնպէս, ըսաւ ան, միշտ ալ ձեւ մը կարելի է գտնել շրջանցելու համար արգելքները, եթէ առկայ է անկեղծ փափաքը… 

Դասախօսութիւնը վերջ գտաւ հարցում-պատասխանի ստուար՝ կէս ժամ տեւած բաժինով մը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը, առիթ ընձեռելով ներկաներուն միտքեր փոխանակելու իրարու միջեւ, բայց նաեւ դասախօսողներուն հետ։

Թ.Շ. ■