Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչական գրասենեակին բացումը կատարուած է

Փետրուար 14-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Լիւքսեմպուրկի իր պաշտօնակից Զաւիէ Պեթելի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի ներկայացուցչական գրասենեակին պաշտօնական բացման արարողութիւնը։

Միրզոյեան բարձրացուցած է Հայաստանի դրօշը, այնուհետեւ հնչած են երկու երկիրներու փառերգերը։

Աւարտին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը եւ ընդգծած Լիւքսեմպուրկի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատման կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ։