Monument Watch-ը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսած է «Արցախի Տիգրանակերտ. պատմամշակութային կերպարը հնագիտական հետազօտութիւնների լոյսի ներքոյ» գիրքը, որ կ՚ամփոփէ քաղաքի մասին աղբիւրագիտական ամբողջ տուեալներն ու հնագիտական ուսումնասիրութիւնները։
Հայերէն լեզուով գիրքին հեղինակներն են 21 հետազօտողներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին կողմէ. 360 էջ, 600 նկարազարդում, խմբագիր՝ Համլետ Պետրոսեան, մասնակցութեամբ՝ Արմինէ Գաբրիէլեանի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։