Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը մէկ հատորով եւ արեւմտահայերենէն արեւելահայերէն փոխադրութեամբ լոյս ընծայած է Շնորհք արք. Գալուստեանի երեք առանձին մենագրութիւնները («Աստուածաշնչեան Սուրբեր», «Համաքրիստոնէական Սուրբեր» եւ «Հայազգի Սուրբեր») հետեւեալ ընդհանուր վերնագրին ներքեւ՝ «Սուրբեր. Աստուածաշնչեան, Համաքրիստոնէական, Հայազգի»։
Գիրքին մէջ ի մի բերուած են համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող հայ եւ օտարազգի սուրբերու վարքերը, սրբադասման հանգամանքները եւ անոնց հոգեւոր սխրանքները։ Հեղինակին կողմէ առանձին ներկայացուած են նաեւ տօնելի սուրբերու յիշատակութեան օրերը եւ տօնացուցային այլ մանրամասնութիւններ, իսկ վերջին բաժինին մէջ տեղ գտած է Հայոց եկեղեցւոյ տօնացոյց անցած սուրբերու այբբենական բառարանը։
Աշխատութիւնը իր բնոյթով գիտահանրամատչելի է, իսկ վերոնշեալ երեք գիրքերու ամբողջ նիւթին մէկ հատորի մէջ ամփոփումը զայն կը դարձնէ համաքրիստոնէական սուրբերու մասին հանրագիտարանային հաւաքածոյ։
Արեւմտահայերէն բնագիրը արեւելահայերէնի վերածած է Լիլիթ Յակոբեան։