Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է Պիրկիթ Քոֆլեր-Պեթշարթի «Մարդ սպանած եմ, բայց մարդասպան չեմ» գերմաներէն հատորին հայերէն թարգմանութիւնը

Լոյս տեսած է՝ 2024 Մարտ 14-ին հրատարակուած աւստրիացի հեղինակ Պիրկիթ Քոֆլեր-Պեթշարթի «Մարդ սպանած եմ, բայց մարդասպան չեմ» գերմաներէն հատորին հայերէն թարգմանութիւնը։

Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի կ՚ունենար Մայիս 22-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։

Գիրքը կը ներկայացնէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատժելու հայ վրիժառուներու գաղտնի առաքելութիւնը։

Բացի Սողոմոն Թեհլիրեանէն, հեղինակը կը պատմէ նաեւ արդարութեան հասնելու ճանապարհին միւս վրիժառուներու ճակատագրերուն մասին։ «Եւրոպայէն եւ դէպի Կովկաս, ապա՝ Փարիզէն մինչեւ Ժընեւ եւ Պերլին, Պոլիսէն մինչեւ Վիեննա, Հռոմ եւ Թիֆլիս կ՚երկարի Նեմեսիս գաղտնի գործողութեան հետքը: 1915-էն սկսեալ 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութենէն ետք, երիտասարդ տղոց խումբ մը չուզեց հաշտուիլ զոհի դերին հետ: Անոնք մահափորձեր կատարեցին ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներուն դէմ, որոնք փախուստով խուսափած էին արդարադատութենէն: Այսպէս՝ 1921-ին երիտասարդ հայ մը Պերլինի փողոցներէն մէկուն մայթին վրայ գնդակահարեց նախկին օսմանեան Ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան: Անոր յաջորդեց այլ մահափորձերու շարք մը…»:

Լրագրող, նախկին դիւանագէտ, մարդկային իրաւանց պաշտպան դոկտ. Պիրկիթ Քոֆլեր-Պեթշարթ ծնունդով Աւստրիոյ Թիրոլի շրջանէն է։ Ներկայիս իբրեւ հեղինակ կ՚ապրի ու կ՚աշխատի Վիեննայի եւ Թրիէսթէի (Իտալիա) մէջ։