Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ

Այս տարի կը լրանայ Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ 100-ամեակը։ Այս առթիւ կազմուած է 100-ամեակի յանձնախումբ մը։

Առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցած է Փետրուար 4-ին։ Չիլինկիրեան քառեակը ներկայացուցած է գործեր՝ հայ եւ օտար երաժիշտներէ։

Երեկոյթին բացումը կատարած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովի ատենապետ՝ Քրիսթոֆըր Քիւրքճեան, որ յայտնած է․ “Հարիւր տարի առաջ, մեծ հայասէր եւ մարդասէր բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան տեսիլքը ունեցաւ հիմը դնելու այս եկեղեցիին, որ մինչեւ այսօր կը մնայ իր առաքելութեան վրայ”։

Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ, Յովակիմ եպիսկ. Մանուկեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ երեկոյթը պատուած են Անգլիոյ Պալատի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն՝ Լորտ Քենէթ եւ Տիկ. Օլիսա, նաեւ Սաութուըրքի եւ այլ եկեղեցիներէ ու յարանուանութիւններէ ներկայացուցիչներ։ Սրբազան հայրը անդրադարձած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ընծայած առաքելութեան՝ պահպանելու հայկական ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքն ու արժէքները։ Ան երախտագիտական զգացումներով խօսած է հիմնադիր անդամներուն մասին, որոնց ժրաջան աշխատանքով եկեղեցին այսօր տակաւին կը շարուակէ իր առաքելութիւնը։

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առած են Լորտ Քենէթ եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վարուժան Ներսէսեան։ Անոնք շեշտը դրած են Հայ-բրիտանական սերտ յարաբերութիւններուն վրայ, յիշելով տարիներու վրայ երկարած դրուագներ։

Աւարտին ներկաները հիւրասիրուած են Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ։

Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցած է Փետրուար 5-ին՝  եկեղեցական պատարագով եւ արարողութեամբ։  Ներկայ եղած են Անկլիքան եւ քոյր համայնքներէ ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ, ինչպէս Քենսինկթըն նահանգի կառավարիչը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ու այլ բարերաներու ընտանեկան պարագաները։ 

Նշենք, թէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին հիմնուած է 1922-1923 տարիներուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ, ի յիշատակ իր ծնողքին։ Եկեղեցիի ճարտարապետն է Արթիւր Տէյվիս։ Սուրբ Սարգիսը Անգլիոյ մէջ միակ եկեղեցին է, որ շինուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետական ոճով՝ ներշնչուած 13-րդ դարու Հաղբատի վանքէն։