ԼՈՆՏՈՆ – Հայ եւ եւրոպացի երաժիշտներու գործերը մեկնաբանած են միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտներ

«Love Opera Arias & Romances» համերգը՝ Քենսինկթընի Ս. Քաթպերց եկեղեցւոյ մէջ

Լոնտոնի «Քլինկըն» երգչախումբը եւ մշակութային ընկերակցութիւնը՝  Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Ս. Քաթպերց եկեղեցւոյ հետ միասնաբար Մարտ 18-ին ներկայացուցած են «Love Opera Arias & Romances» համերգը, Լոնտոնի թագաւորական Քենսինկթընի Ս. Քաթպերց եկեղեցւոյ մէջ։

Հայ եւ եւրոպացի երգահաններու գլուխ-գործոցները մեկնաբանած են միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներ՝ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, բրիտանահայ թենոր եւ խմբավար Սիփան Օլահ, բրիտանահայ դաշնակահարուհի Մարիա Պալազեան եւ Քլինկըն լարային քառեակը։

Երաժշտական յայտագիրը սկսած է հայ երաժիշտ Գեղունի Չթչեանի «Աղաւնիներ» եւ «Հայրենիք» մեներգերով՝ Շողիկ Թորոսեանի, Սիփան Օլահի և Մարիա Փալազեանի կատարողութեամբ։

Համերգին առաջին անգամ ներկայացուած է Արայիկ Գէորգեանի «Երեւան 2800»՝ դաշնակի եւ լարային քառեակի համար մշակուած ստեղծագործութիւնը։

Երեկոյթին ներկայ գտնուած են հիւրեր՝ վեց դեսպանատուներէ, Հայ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու հոգեւորականներ, բրիտանական խորհրդարանի անդամներ, բրիտանական, հայկական եւ միջազգային մշակութային միութիւններու եւ համայնքներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ: