Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼՈՆՏՈՆ – Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանականները կոչ յղած են կառավարութեան ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը

Ապրիլ 22-ին, Լոնտոնի յուշարձանին առջեւ համախմբուած են Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երկու պալատներու ներկայացուցիչները՝ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայ դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբը։

Արարողութեան ընթացքին խորհրդարանականները կոչ ուղղած են Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն։