Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼՈՆՏՈՆ – «Յաւերժական Վիվալտին» կալա-համերգը՝  միջազգային համբաւ վայելող հայ եւ օտար երաժիշտներու կատարողութեամբ

Յատուկ թղթակցութիւն «Նոր Յառաջ»-ին.- 

Մայիս 17-ի երեկոյեան, Լոնտոնի Սուրբ Քաթպըրթ՚զ  եկեղեցւոյ մէջ արձագանգեցին Անթոնիօ Վիվալտիի՝  մեր հոգիներուն յաւերժ քանդակուած, անմահ երաժշտութեան մեղեդիները, երբ «Քլինկեն» սենեկային նուագախումբը եւ երգչախումբը ներկայացուցին «Յաւերժական Վիվալտին» կալա-համերգը՝ նուիրուած պառոք երաժշտութեան անկրկնելի վարպետին: Հանրահռչակ մաէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ համերգին մասնակցեցան հայ, բրիտանացի եւ օտար՝ միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտներ: Տպաւորիչ կազմ մը, որ հիանալի կատարեց իր առաքելութիւնը, սրտաբուխ յարգանքի տուրք մատուցելով երգահանին, զոր շատեր կ՚անուանեն «Կարմիր քահանայ»:

Անթոնիօ Վիվալտի, որ իր կարմիր մազերուն եւ հոգեւոր կրթութեան պատճառով վաստակած էր այդ մակդիրը, պառոքի դարաշրջանի ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկն էր, որ դասական երաժշտութեան գանձարանին մաս կազմեց իր աւելի քան 500 քոնչերթօներով, տասնեակ օփերաներով եւ հոգեւոր երգչախմբային ստեղծագործութիւններով, հսկայական ժառանգութիւն մը, որ իր անփոխարինելի ու անկրկնելի տեղը ունեցաւ համաշխարհային երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Թէեւ մեծ երաժիշտը 1741 թուականին մահացաւ յարաբերական անյայտութեան մէջ, սակայն 20-րդ դարուն անոր վերայայտնութիւնը կրկին արթնցուց անոր բացառիկ հանճարին հանդէպ գնահատանքը, լուսափայլ մը, որ հանդիսատեսը կախարդուած վայելեց այս անմոռանալի երեկոյթի ընթացքին։

Համերգը ծայր առաւ Վիվալտիի ամէնէն կենսուրախ եւ ոգեշնչող հոգեւոր ստեղծագործութիւններէն՝ «Կլորիա»-ով, որ ի սկզբանէ գրուած էր Վենետիկի «Օսփետալէ տելլա Փիեթա»-ի  աղջիկներուն համար: Ստեղծագործութիւնը վերակենդանացաւ պայծառ պարզութեամբ՝ շնորհիւ մաէսթրօ Սիփան Օլահի՝ տաղանդաւոր արուեստագէտին յատուկ ձիրքին ու խմբավարման կարողութեան: «Քլինկեն» երգչախումբի կատարողութեամբ հանդիսատեսը ունկնդրեց ներդաշնակ եւ յղկուած ձայնալարերը, իսկ փողահար Վերոնիքա Այրումեան եւ յարադաշնակահար (claveciniste) Մարիա Փալազեան կենսունակ երանգ պարգեւեցին լսարանին։

Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ դրամատիկ փոփոխութիւն Վիվալտիի ոչ այնքան ծանօթ «Տիգրան Բ.» (1724) օփերայի արիայի կատարման ընթացքին։ Ան կը պատմէ հայոց թագաւոր Մեծն Տիգրան Բ.-ի մասին: Սոփրանօ Իզապելլա Գարաօղլանեան լաւագոյնս մարմնաւորեց թագուհի Կղէոպատրան «Squarciami pure il seno» արիայի կատարումով՝ բացայայտելով Վիվալտիի ստեղծագործութեան յուզական խտութիւնն ու այս օփերայի հանճարեղութիւնը:

Յաջորդեց իւրայատուկ պահը՝ Մաէսթրօ Օլահի նոր գործիքաւորուած նրբասրինգի (clarinette) քոնչերթոյի անդրանիկ ներկայացումը, որ «Օլիմփիատա» օփերայի արիաներէն մէկուն վերամշակումն էր։ Գլարինեթի սպանացի վարպետ Սիմոն Իպանեզ, որ յատկապէս ժամանած էր Լոնտոն այս համերգին համար, գրաւեց հանդիսատեսը իր անթերի թեքնիքով եւ քնարական մեկնաբանութեամբ՝ ապացուցելով, որ Վիվալտիի երաժշտութիւնը տակաւին կը ներշնչէ ժամանակակից երաժիշտներու նորարարական մտայղացումները։

Համերգի բացառիկ ելոյթներէն էր թենոր Սիփան Օլահի՝ «Իլ Ճուսթինօ» օփերայէն սիրուած «Vedrò con mio diletto» արիայի կատարումը։ Անոր յուզիչ եւ ջերմ ձայնային ելեւէջները ստեղծագործութեան հաղորդեցին մտերմիկ խորութիւն՝ ընդգծելով մաէսթրօ Օլահի անփոխարինելի դերը՝ միաժամանակ որպէս տաղանդաւոր խմբավար ու անկրկնելի թենոր:

Այս ելոյթին յաջորդեց «Laudamus te»-ն՝ ցնծալի զուգերգը, զոր հրաշալիօրէն կատարեցին սոփրանօներ Հայարփի Եղիկեան եւ Իզապելլա Գարաօղլանեան։ Անոնց ձայները միահիւսուած էին բազմերանգ նրբագեղութեամբ, կատարելապէս համապատասխանելով ստեղծագործութեան ոգիին, պարուրուելով նուագախումբի նրբազգած նուագակցութեամբ։

Համերգի առաջին բաժինը աւարտեցաւ մէկ ուրիշ անդրանիկ ներկայացումով՝ Տօ մաժէօր քոնչերթօ սրինգի, նրբասրինգի, թաւափողի (basson) եւ նուագախումբի համար` Սիփան Օլահի գործիքաւորումով:

Վիվալտիի վերափոխուած, երկու սրինգներու համար քոնչերթօն ներկայացուցին մենակատարներ Նիքա Փինթըր (սրինգ), Սիմոն Իպանէզ (նրբասրինգ) եւ Ֆրանչեսքօ Տի Մաթէօ  (թաւափող), ապշեցուցիչ մեկնաբանութեամբ՝ արագ ու դանդաղ կշռոյթներու յաջորդական փոփոխութեան սահուն աշխուժութեամբ։ Անոնք միասին ցուցադրեցին Վիվալտիի գործիքային երկխօսութեան ձեռագրի տաղանդը։

Ընդմիջումէն ետք հանդիսատեսը ունկնդրեց հանրածանօթ «Չորս եղանակները»։ Այս տարի կը նշուի սոյն ստեղծագործութեան 300-ամեակը։ Ջութակահար Փօլինա Շարաֆեան ներկայացուց հիանալի մեկնաբանութիւն՝ իւրաքանչիւր եղանակին հաղորդելով թէ՛ արուեստագիտական կատարման բարձր մակարդակ, թէ՛ ալ զգացական խորութիւն, որ կրկին կ’ընդգծէր Անթոնիօ Վիվալտիի ստեղծագործութեան հանճարեղութիւնը։ Այս նրբագեղ երաժշտուհիին քնքուշ կատարումը ներդաշնակ էր զգացական եղանակներու ոգիին՝ «Գարնան» քնարական հանգստութենէն մինչեւ «Ձմռան» փոթորկոտ ցրտութեան։ Մաէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ նուագախումբը արձագանգեց կորովով եւ ճշգրտութեամբ՝ ստեղծելով հարուստ երաժշտական «հիւսք» մը։

City Living Local Life-ի, Քենզինկթընի եւ Չելսիի թագաւորական համայնքի, Grove End Housing-ի եւ Սուրբ Քաթպըրթ՚զի եկեղեցւոյ աջակութեամբ կազմակերպուած «Յաւերժական Վիվալտին» աւելին էր, քան պարզ համերգ մը. ան տօնակատարութիւն էր, որ հաստատեց, թէ դարեր ետք Վիվալտիի ձայնը տակաւին կը ղօղանջէ, կը դայլայլէ եւ կը թեւածէ համայն մարդկութեան սրտերուն մէջ։