ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ, հայ–իրանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի շրջանակին մէջ, Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատերախումբը Փետրուար 6-էն 15 կը մասնակցի Իրանի «Ֆաջր» փառատօնին, Թեհրանի եւ Սպահանի մէջ ներկայացնելով «Լոռեցի Սաքօն» բեմադրութիւնը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ եւս ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ։ Իրանի դեսպանատան մշակոյթի կեդրոնի համագործակցութեամբ, իրանցի բեմադիր Ջոնաս Մոհամատի հանդիսատեսին կը ներկայացնէ իր նկարահանած «6.60» ժապաւէնը, իսկ Անահիտ Աբադ կը բեմադրէ իրանական առասպելաբանութիւն մը։ Համազգայինի թատերաբեմին վրայ նախատեսուած են իրանական թատերական գործերու ընթերցումներ, ինչպէս Ֆիրդուսիի «Շահնամէ»-ն եւ ժամանակակից թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները: