Լոռիի մարզպետ Արամ Ղազարեան Մայիս 7-ին հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Լոռիի մարզպետի աշխատակազմի եւ դեսպանատան պատասխանատու պաշտօնեաներ: Մարզպետը ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Տըքոթինյիին՝ Լոռիի մարզ այս նոր այցին համար:
Մարզպետը իր խօսքին մէջ յատկապէս անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դարաւոր բարեկամութեան, ընդգծած Հայաստանի Հանրապետութեան, ներառեալ՝ Լոռիի մարզին հետ տարիէ-տարի աճող առեւտրատնտեսական, մշակութային, գիտակրթական, դիւանագիտական, մարդասիրական համագործակցութիւնը:
Արամ Ղազարեան յատկապէս ընդգծած է Լոռիի մարզի՝ Փրովանս- Ալփ-Գոթ տ՛ Ազիւր շրջանին հետ բարեկամութեան կարեւորութիւնը, որու սկիզբը դրուած է 2003-էն՝ ընդգծելով թէ՛ այս, թէ՛ ալ՝ Լոռիի մարզին՝ Ֆրանսայի քոյր քաղաքներուն հետ համագործակցութեան աւելի սերտացման ու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ դեսպանը նոյնպէս անդրադարձած է համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութեան՝ ընդգծելով յատկապէս հասարակաց ծրագրերու մշակման կարեւորութիւնը զբօսաշրջութեան, մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ: Դեսպանը հետաքրքրուած է նաեւ անցեալ տարի ողողումներու հետեւանքով տուժած համայնքներուն մէջ կատարուած աշխատանքներով եւ ենթակառոյցներու վերականգնման գործընթացով:
Մարզպետ Արամ Ղազարեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքները՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է ողողումներէն տուժած ընտանիքներուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր ալ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։