Լոս Անճըլըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 15-ին գումարած իր նիստին, Խորհուրդը միաձայնութեամբ Ապրիլ 24-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակած է՝ «նշելու համար մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկը»։
Հռչակագիրը կը դատապարտէ Անգարան՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար եւ կ՚անդրադառնայ Արցախի մէջ Ազերպայճանի գործադրած ցեղային զտումին, որուն պատճառով Արցախի հայ բնակչութիւնը պարտադրաբար հեռացաւ իր հայրենիքէն։
Հռչակագիրը նաեւ կոչ կ՚ընէ Ուաշինկթընին, որ պատիժներ կիրարկէ Ազերպայճանի դէմ՝ մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումներուն համար եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիները։
Նաեւ կոչ կ՚ըլլայ գաւառին տարբեր բաժանմունքներուն, որ Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու նպատակով միջոցառումներու դիմեն եւ լուսարձակի տակ առնեն հայութեան վտանգի ենթակայ ըլլալու իրողութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։