ԱՄՆ-ու մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է Սեպտեմբեր 25-ին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Ազատութեան մրցանակ»ը շնորհել Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին, Արցախի Հայութեան մատուցած երկար տարիներու անոր սպասարակութիւներուն իբրեւ գնահատանք։
Ան Պաքուի բռնատիրական կարգերուն դէմ Արցախի Հայութեան դիւանագիտական պայքարի գլխաւոր դերակատարն է եւ կը պաշտպանէ Արցախի ինքնիշխանութեան իրաւունքը եւ ջանք կը տանի ազատ արձակումը ձեռք ձգելու համար պատերազմի բոլոր գերիներուն։
Նախարար Դաւիթ Բաբայեան նաեւ գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 24-ին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք Հայ դատի խորհրդաժողովին։
Այդ խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի կատարուին զանազան քննարկումներ նուիրուած՝ մշակութային ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, միջազգային իրաւունքի ջատագովման եւ Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքին մէջ Սփիւռքի ձայնը աւելի հնչեղ դարձնելու հարցին։
Բաբայեան Միացեալ Նահանգներ պիտի այցելէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով։ Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ հիմնարկներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր այս տարուան «Հայ Դատի շաբաթավերջը» նուիրած է Արցախին։